ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌՈՒԻՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Վահագն Ալեքսանեան յայտարարեց, որ չի բացառուիր, թէ Ատրպէյճան գետին կը պատրաստէ երկրին վրայ յարձակելու համար։

Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան փոխ-նախագահն է երեսփոխան Վահագն Ալեքսանեան, որ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Չեմ կրնար բացառել, որ Ատրպէյճան կացինահարելով խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները ու չերթալով լուծման՝ փաստացիօրէն գետին կը նախապատրաստէ իր յարձակման համար, Հայաստանի դէմ ակրեսիւ յարձակում գործելու համար»։

Ան դիտել տուաւ, որ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Պաքու չ՚արձագանգեր խաղաղութեան պայմանագրի 10-րդ տարբերակին, որ Երեւանէն ուղարկուած էր օգոստոսի վերջաւորութեան։ Այս նոյն ժամանակահատուածին հետեւողականօրէն մերժուած են խաղաղութեան համաձայնագրի յօդուածները ստորագրելու, միւսները ապագային թողելու ուղղեալ հայկական կողմին առաջարկները։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ հայերու Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձի հնարաւորութիւնը կար եւ կայ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024