ԲԱՐԴ ՊԱՀՈՒ ՋԱՆՔԵՐ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան նախագահ Նեչիրվան Պարզանին։ Հարկ է նշել, որ այս ամսի 20-ին Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են։ Նեչիրվան Պարզանիի Թուրքիա այցելութիւնը նախորդեց այս քուէարկութեան։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նեչիրվան Պարզանին հիւրընկալեց՝ ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան շուրջ։ Շօշափուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով իրադարձութիւնները։ Նախագահ Էրտողան մաղթեց, որ մօտալուտ ընտրութիւնները բարեբեր ըլլան։ Ան մասնաւորապէս դիտել տուաւ, որ Իրաքի Թիւրքմենական ճակատն ալ պիտի մասնակցի այդ ընտրութիւններուն եւ Թուրքիոյ մաղթանքն է, որ անոնք ըլլան ներառական եւ անցնին խաղաղ մթնոլորտի մէջ։
Նախագահ Էրտողան Նեչիրվան Պարզանիի հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր պատգամներ տուաւ եւ անդրադարձաւ այն ջանքերուն, որոնք կը գործադրուին տարածաշրջանի տեսակէտէ առկայ բարդ պահուն։ Ըստ իրեն՝ երբ Իսրայէլի նախայարձակ գործողութիւնները տարածաշրջանէն ներս մեծ պատերազմի մը վտանգը կը ստեղծեն, Թուրքիա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անվտանգութեան եւ կայունութեան։ Անգարայի ջանքերը ուղղուած են ամբողջ տարածաշրջանը մեծ պատերազմի մը ռիսքէն հեռու պահելու։ Ուստի, թրքական կողմը բարձր կը գնահատէ նաեւ Իրաքի ջանքերը, որոնք ուղղուած են երկիրը բախումներէ հեռու պահելու։ Էրտողանի համոզմամբ, Զարգացման ճանապարհի ծրագիրը տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն առջեւ կ՚ուրուագծէ տնտեսական զարգացման, կայունութեան եւ եղբայրութեան հորիզոնները։ Այս ծրագիրը Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան տեսակէտէ ալ նպաստաւոր է։
Պարզանիի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ առկայ դժուար ժամանակաշրջանին ամբողջ տարածաշրջանը պէտք ունի անդորրութեան։ Ի շարունակութիւն ան բացատրեց, որ երկիրներու ներքին խաղաղութիւնը թիրախաւորած ահաբեկչական սպառնալիքի մշտապէս վերացման ուղղեալ համագործակցութիւնը վճռակամութեամբ յառաջ պէտք է տարուի։ Ինչպէս ցայսօր՝ Թուրքիա ապագային ալ պիտի շարունակէ բարեկամ ու եղբայրական Իրաքի եւ անոր ժողովուրդի կողքին դիրք գրաւել։
ՔԻԼԻՍԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Միւս կողմէ, Սուրիոյ սահմանակից Քիլիս քաղաքի մօտակայքին երէկ երեկոյեան ժամերուն ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Սուրիայէն հրթիռ մը ինկաւ Քիլիսի մօտակայ տարածք մը, որ ականապատուած էր։ Սուրիոյ սահմանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով պատահած է այս դէպքը, որով ականապատուած տարածքէն ներս մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ եւ գիշերուան մութին մէջ անոնք լայնօրէն տեսագրուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։