ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՄ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները՝ գլխաւորութեամբ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն։ Վարչապետը շեշտեց հայկական կողմի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ եւ ընդգծեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ համաձայնեցուած յօդուածներու հիման վրայ ստորագրելու պայմանագիրը եւ շարունակելու ապագայ քննարկումները միւս հարցերուն շուրջ։ Զրուցակիցները տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համատեսքին մէջ կարեւորեցին Հայաստանէ ներս տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։
Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Դեսպան Մարակոս արտայայտեց Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ի նպաստ։
Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեամբ այլ հարցեր։