ՇԻ ԾԻՆՓԻՆԿ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ ԿԱԽԵԱԼ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ իր երկրի յարաբերութիւնները աշխարհի վրայ կարեւորագոյններու շարքին են եւ անոնցմէ կախուած է թէ՛ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը եւ թէ ամբողջ մարդկութեան ապագան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան նշեց, որ Չինաստան ԱՄՆ-ի հետ իր յարաբերութիւնները մշտապէս կառուցած է փոխադարձ յարգանքի, խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան սկզբունքներուն համապատասխան։ Շի Ծինփինկի խօսքով՝ Փեքին միշտ այնպէս նկատած է, որ երկու երկիրներու յաջողութիւնները հնարաւորութիւններ են իրարու համար եւ անոնք պէտք է օգնեն իրարու զարգացման ուղղութեամբ ու ոչ թէ հակառակը։ Այսպէս, Փեքին պատրաստ է ըլլալ Ուաշինկթընի գործընկերն ու բարեկամը եւ սա կը նպաստէ ո՛չ միայն երկու երկիրներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024