ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԼԻՍԷ ՄԸ ՎԵՐԱՆՈՒԱՆՈՒԵՑԱՒ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆՆԵՐՈՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ առնուեցաւ որոշում մը, ըստ որու՝ Փարիզի մերձակայ Շատնէ-Մալապրի արուարձանային քաղաքի կեդրոնական լիսէն վերանուանուեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու յիշատակին։ Այս վերանուանումով Ֆրանսայի մէջ առաջին անգամ դպրոց մը սկսած է կրել Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոսին անունը։ Անուանակոչման առթիւ լիսէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու սկիզբին դպրոցի սաներու կողմէ Միսաք Մանուշեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցուեցան յուզիչ մթնոլորտի մէջ։

Այս իրադարձութիւնը կը յաջորդէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի որոշմամբ Մանուշեաններու Փարիզի Փանթէոն փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան։ Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին լիսէի սաները հանդէս եկան նաեւ Շարլ Ազնաւուրի երգերու ինքնատիպ կատարումներով։

Հարկ է նշել, որ Միսաք Մանուշեան 1931-1933 թուականներուն ապրած էր Շատնէ-Մալապրիի մէջ, յստակ հասցէով մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024