ԿԱ՞Ն ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան չէր մասնակցեր ԱՊՀ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի (…) Մոսկուայի [վերջին] ժողովին։ Երրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կը խուսափի Ռուսաստանի ստեղծած յետխորհրդային կառոյցներու ժողովներուն մասնակցելէ։ Նոյնիսկ մերժած է ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակելէ։ Ինչո՞ւ այս հեռաւորութիւնը։
Արցախի կորուստէն ետք, Ռուսաստան՝ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, կորսնցուց իր հմայքը եւ կարեւորութիւնը Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական պատասխանատուներու աչքին, նոյնպէս ալ ժողովուրդին եւ արցախահայութեան աչքին՝ հայութեան դարաւոր պաշտպանի իր վարկը։
Կան նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու ուղղուած ռուսական իշխանական շրջանակներու սպառնալից յայտարարութիւնները, որոնց կ՚ընկերակցին Հայաստանի մէջ ռուս շրջանակներու մօտիկ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վտանգաւոր յայտարարութիւնները, որոնցմէ վերջինն է Արագած Ախոյեանինը, որ Գագիկ Ծառուկեանի նախկին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան երեսփոխան էր Հայաստանի խորհրդարանին մէջ։ Ան Դիմագիրքի իր հաշիւին մէջ հրապարակաւ կոչ ուղղած է՝ բռնութիւն գործադրելու Փաշինեանի եւ անոր հետեւորդներուն դէմ. «Ցուցակագրէք էն բ... թուլեքի ցանկը, որոնց սատկացնելու ենք Նիկոլի սիկ... յետոյ»։ Վերջապէս, Հայաստան Հոկտեմբերի 27-ի եւ Մարտի 1-ի ողբերգութիւնները ապրած երկիր է։ Իսկ Ռուսաստանի իշխանութիւնները իրենց հակառակորդները մաքրագործելու զանազան միջոցներ որդեգրելու չեն վարանիր, Փրիկոժինը վկայ… Այս իրականութիւնները նկատի առած՝ Հայաստանի իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդիկ զգուշաւոր են եւ այս համածիրին մէջ պէտք է Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները վերասահմանել։
Վարչապետ Փաշինեան հանրային կերպով արտայայտուած է Հայաստան-ՀԱՊԿ, կամ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մասին՝ յստակացնելով, որ Հայաստան մտադրութիւն չունի իր դաշնակիցներէն հեռանալու։ Ան հարցը շրջուած ձեւով ներկայացուցած է՝ որքանո՞վ Հայաստանի դաշնակիցները տրամադիր են դաշնակցային իրենց խոստումներն ու պարտաւորութիւնները յարգելու։
Նմանատիպ բանաձեւումով հանդէս եկաւ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած ճառին, հոկտեմբերի 17-ին։ Դիմելով եւպոպացի երեսփոխաններուն, ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է առաւել մօտ ըլլալ Եւրոմիութեան՝ այնքան, ինչքան Եւրոմիութիւնը հնարաւոր կը համարէ»։
Ռուսաստան պատմականօրէն կը վայելէ Հայաստանի բարեկամ ըլլալու հանգամանքը։ Հայաստան երկար ժամանակ մաս կազմած է Ռուսական կայսրութեան, ուր աւելի նպաստաւոր պայմաններու տակ ապրած է՝ քան Օսմանեան լուծին տակ գտնուող հայութիւնը։ Սակայն, Խորհրդային իշխանութեան տապալումով՝ խաղի օրէնքները փոխուեցան։ Հայաստան Ռուսաստանի հետ ուղղակի սահմանային կապէ զրկուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախացումով։ Եւ Ուքրայնայի հետ պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի ռազմավարական շահերը շատ աւելի առաջնային են ու էական՝ քան Հայաստանի։ Այլ կերպ կարելի չէ բացատրել Արցախի հայութեան ցեղային մաքրագործումին հանդէպ անոր ցուցաբերած անտարբերութիւնը։
Այո՛, Ռուսաստան կը հեռանայ Հայաստանէն, իսկ Հայաստան կը փնտռէ նոր ռազմավարական դաշնակիցներ, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ իրեն դրացի երկու թշնամի պետութիւններէն, որոնք կ՚ուզեն պատմական համաթուրանական ճանապարհը կառուցել Սիւնիքի վրայով։ Ռուսաստանն ալ կողմ է այդ ծրագրին՝ պայմանով, որ ինք վերահսկէ այդ ճանապարհի Հայաստանէն անցնելիք հատուածը։
Այս առումով, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին այցելութիւնները Հայաստան՝ ռազմավարական նոր գործակցութիւններ հաստատելու տեսանկիւնէն կարեւոր նախաձեռնութիւններ էին՝ մա՛նաւանդ եթէ այդ երկիրները կարենան երաշխաւորել Ատրպէյճանի յարձակումի առկախումը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի