ԱՄՆ ՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՈՒՑ ԵՄԷՆԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Եմէնին։ Այսպէս, թիրախաւորուեցան հուսիներու «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման կառոյցները։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, ռմբակոծուեցան հուսիներու քանի մը թիրախները, ուրկէ նոր յարձակումներ կը նախապատրաստուէին։

Մերձաւոր Արեւելքի առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ մտահոգիչ հեռանկարներու դուռ բանալ։ Այսպէս, վերջին օրերուն փոխադարձ յարձակումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ։

Անցեալ շաբաթավերջին ալ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ կողմէ համատեղ գործողութիւնով մը թիրախաւորուած էին հուսիները։ Այս ռմբակոծումները առանցքային նշանակութիւն ունին, որովհետեւ Եմէնի հուսիները կը գտնուին Իրանի հակակշռին տակ։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024