ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆ

Հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը դարձած է ֆրանսական ֆութպոլի աշխարհահռչակ աստղերէն Նիքոլա Անելքայի Երեւան այցելութիւնը։ Ան ներկայիս Փարի-Սեն-Ժերմեն (PSG) ակումբի դեսպանն է եւ Հայաստան կ՚այցելէ՝ նոր մարզիկներու պատրաստութեան հեռանկարներուն նպաստելու նպատակով։ Նիքոլա Անելքա այս առումով համագործակցութեան պատրաստակամութիւն ունեցած է եւ իր ուղեւորութեան օրերուն հայ պատանի մարզիկներուն կողմէ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն։

«Խորէն Յովհաննիսեան» ֆութպոլի ակադեմիայի համալիրէն ներս, պատանի մարզիկներու հետ համախմբուելու առընթեր, Նիքոլա Անելքա ոլորտի պատասխանատուներուն հետ անդրադարձաւ հայկական ֆութպոլի զարգացման հեռանկարներուն։ Հայ մասնագէտներուն հետ խորհրդակցելու առընթեր, Երեւանի կեցութեան ընթացքին Նիքոլա Անելքա մէկտեղուեցաւ նաեւ յայտնի գործարար ու նախկին երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որ նոյնպէս երկրի մարզական ոլորտէն ներս կարեւոր ներդրումներ կը կատարէ, կը հովանաւորէ ակումբներ եւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն կը գլխաւորէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024