ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ԴԵՂՕՐԱՅՔԻ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Կազզէի պատերազմին վրայ, մարդասիրական հերթական նախաձեռնութիւն մը միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ՝ որքան որ ալ երկարաժամկէտ խաղաղութեան մը յոյսը չներշնչէ։ Այսպէս, անցեալ նոյեմբերի՝ միայն 7 օր տեւած պատանդներու փոխանակման համաձայնութենէն շաբաթներ վերջ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ այս անգամ համաձայնութիւն գոյացաւ դեղօրայքի փոխանակման համար։ «Համաս»ի կողմէ պատանդուածներուն տրամադրուելիք իւրաքանչիւր մէկ տուփ դեղին փոխարէն Կազզէի բնակիչներուն հազար տուփ դեղ պիտի տրամադրուի։

Մինչ այդ, Իսրայէլի բանակը նոր գործողութիւններու կը պատրաստուի Կազզէի նկուղներուն դէմ։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024