ՍՈՒՐ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ Ատրպէյճանէն հնչած վերջին յայտարարութիւններուն նպատակը դիտաւորեալ ձեւով խաղաղութեան գործընթացը փակուղիի մատնել չէ։ Ան համոզուած է, թէ Երեւանին եւ Պաքուին կը վիճակի դիւանագիտական լեզուներու համապատասխանեցումը օրինականութեան։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն վարչապետը ըսաւ. «Մեր գործողութիւնները կանգ պիտի առնեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ եւ մեր քաղաքական դիւանագիտական պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ օրինականութիւնը»։ Ան կրկնեց, թէ ի՛նչ պայմաններով Հայաստան պատրաստ է ճանապարհ տրամադրել Ատրպէյճանին։

Երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ 1991 թուականէն ի վեր Ատրպէյճան որեւէ վայրկեան պատրաստ չէ եղած զիջման։ Ան բացատրեց, որ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու իր ռազմավարական ընկալումն է՝ բոլոր դիրքորոշումներն ու ձեւակերպումները հիմնաւորել օրինականութեան վրայ։ «Անկախութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին մենք բան մը չենք նկատած, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը չենք յստակացուցած, լղոզած ենք, ինչ որ հիմնական խնդիր մըն է», յայտնեց վարչապետը։

Ի լրումն այս բոլորին, կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք խաղաղութեան օրակարգէն չենք հրաժարած, չենք հրաժարիր ու պիտի չհրաժարինք։ Սա շատ կարեւոր արձանագրում մըն է, որովհետեւ մեր քաղաքական տեսլականը սա է ու մենք պիտի շարունակենք։ Մենք Ատրպէյճանի տրամաբանութեամբ չենք հռչակած խաղաղութեան օրակարգը։ Մենք մեր տրամաբանութեամբ հռչակած ենք խաղաղութեան օրակարգը՝ ի հարկէ, այն ըմբռնումով, որ խաղաղութիւնը միակողմանի գործողութիւն մը չէ։ Եթէ, օրինակ, Ատրպէյճան պիտի նահանջէ խաղաղութեան օրակարգէն, սա չի նշանակեր, որ Հայաստանն ալ պէտք է հրաժարի»։

Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի կողմէ։ Դեսպանն ու փոխ-նախարարը հանգամանօրէն քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առկայ իրավիճակը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուսական կողմը ընդգծեց յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ եռակողմանի աշխատանքներու շուտափոյթ վերսկսման հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու համալիրին հիմքով։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024