ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք կը մասնակցէին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը։ Խաչատուրեան եւ Ապտուլլահիան ընդգծեցին պատմական ուղիներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու անթոյլատրելիութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս իրադարձութիւններու սրընթաց զարգացման պայմաններուն ներքեւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024