ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի յանձ­նա­կա­տար Եո­հա­նէս Հան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լէ եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը։ Եո­հա­նէս Հան կը հիւ­րըն­կա­լուի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Նալ­պան­տեան եւ Հան պաշ­տօ­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ կը սար­քեն նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Յանձ­նա­կա­տար Հան ե­լոյ­թով մը հան­դէս կու գայ նաեւ Եւ­րո­նեստ խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի չոր­րորդ լիա­գու­մար նստաշր­ջա­նի ժա­մա­նակ, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ եւ որ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 

Վեր­ջին օ­րե­րուն կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ապ­րուե­ցան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Այս­պէս, Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, մինչ ստո­րագ­րուե­ցան կարգ մը փաս­տա­թուղ­թեր, նաեւ զու­գա­հե­ռա­բար ըն­թա­ցան Եւ­րո­նես­տի են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րուն ժո­ղով­նե­րը։ 

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան փոխ-նա­խա­գահ Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէ­րի հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը Սերժ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, թէ այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր խթան մը պի­տի հա­ղոր­դէ Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան հետ Հա­յաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ուղ­ղուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յուն տնտե­սա­կան ա­ճի ա­պա­հով­ման։ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց դրա­մա­տան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նէ ներս ա­նոր կող­մէ ծա­ւա­լուած ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, որ Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ ա­ճող աշ­խու­ժու­թեամբ եւ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։ Նա­խա­գա­հը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ հա­շուի առ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան հա­մար դրա­մա­տան կող­մէ մա­տա­կա­րա­րուած ո­լորտ­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ ար­դէն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րը, կա­րե­լի է ը­սել, որ դրա­մա­տու­նը ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր մը դար­ձած է երկ­րին հա­մար։ 

Իր կար­գին, Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէրն ալ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց 2007 թուա­կա­նէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի հետ դրա­մա­տան մի­ջեւ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Փոխ-նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ օ­րի­նա­կե­լի դառ­նալ դրա­մա­տան այլ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հա­մար։ Մոլ­թէ­րէր ա­ւել­ցուց, թէ այժմ դրա­մա­տու­նը կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յա­ջորդ փու­լի նա­խա­պատ­րաստ­ման ուղ­ղու­թեամբ եւ այդ նոր հանգ­րուա­նի նպա­տակ­նե­րը հա­մա­հունչ պի­տի ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն հետ։ 

Զրու­ցա­կի­ցնե­րը եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րե­ցին են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին զար­գաց­ման ծրագ­րե­րուն ի նպաստ դրա­մա­տան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը։ Ա­նոնք հա­մա­կար­ծիք էին, որ Հա­յաս­տան ներ­կա­յիս չու­նի զար­գաց­ման այ­լընտ­րանք, քան տնտե­սու­թեան մրցու­նա­կու­թեան բարձ­րաց­ման հաշ­ւոյն եր­կա­րա­ժամ­կէտ կա­յուն տնտե­սա­կան աճ մը ու­նե­նա­լը։ Բայց եւ այն­պէս, ա­ռանց զար­գա­ցած են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու, զրու­ցա­կից­նե­րու հա­մոզ­մամբ, հնա­րա­ւոր չէ խօ­սիլ մրցու­նա­կու­թեան եւ տնտե­սա­կան կա­յուն ա­ճի մա­սին։ 

Սերժ Սարգ­սեան եւ Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէր անդ­րա­դար­ձան նաեւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րուն, այդ հա­մա­տես­քին մէջ կա­րե­ւո­րե­ցին Եւ­րո­միու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ Հա­յաս­տա­նէ ներս բա­րե­փո­խում­նե­րու օ­րա­կար­գի յա­ռաջ մղուի­լը։ 

Զրոյ­ցին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան նա­խա­գահ Ար­թուր Ճա­ւա­տեան եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Թրա­յան Խրիս­տէա։ 

Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէր Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Աբ­րա­հա­մեան կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տան պատ­րաս­տա­կամ է յա­ռաջ մղե­լու Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բա­րե­փո­խում­նե­րու խթան­ման, ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու, տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։

Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տեց են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման եւ փոքր ու մի­ջին ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան կող­մէ յատ­կա­ցուած ելմ­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան կա­րե­ւո­րեց դրա­մա­տան կող­մէ, յատ­կա­պէս, փո­խադ­րու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի կա­լուած­նե­րէն ներս մա­տա­կա­րա­րուող ծրագ­րե­րը՝ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րու են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րը ԵՄ-ի Անդ­րեւ­րո­պա­կան ցան­ցե­րուն փոխ­կա­պակ­ցե­լու նպա­տա­կով։ Կա­րե­ւո­րուե­ցան նաեւ նոյն դրա­մա­տան կող­մէ հա­մա­մա­տա­կա­րա­րուող «Հիւ­սիս-հա­րաւ» ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանց­քը եւ «Կով­կա­սեան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման ցանց» ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ 

Եւ­րո­պա­կան ներ­դրու­մա­յին դրա­մա­տան փոխ-նա­խա­գա­հը ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հա­սած է տպա­ւո­րիչ մա­կար­դա­կի մը։ Ըստ ի­րեն, Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տու­նը շա­հագրգ­ռուած է ա­ւելց­նել իր գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւալ­նե­րը եւ մա­կար­դա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Դրա­մա­տան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը լիո­վին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րուն հետ։ Դրա­մա­տու­նը պատ­րաստ է շա­րու­նա­կե­լու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի փոքր ու մի­ջին գոր­ծա­րա­րու­թեան զար­գաց­ման, են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու գծով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու, ու­ժա­նիւ­թի, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս կա­պե­րը զար­գաց­նե­լու հա­մար։ 

Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ներս, նա­խըն­թաց օր, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ ստո­րագ­րուե­ցաւ ե­րեք փաս­տա­թուղթ։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան այս փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ող­ջու­նեց ա­նոնց ստո­րագ­րու­մը ու վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ա­նոնք ի­րենց նշա­նա­կա­լի դերն ու ա­ւան­դը պի­տի ու­նե­նան թէ՛ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ թէ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 

«Կով­կա­սեան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման ցանց» ծրագ­րի 10 մի­լիոն եւ­րօ ար­ժո­ղու­թեամբ վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի ելմ­տա­կան նա­խա­րար Գա­գիկ Խա­չատ­րեան եւ Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէր։ «Կով­կա­սեան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման ցանց» ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ փո­խըմբռն­ման յու­շա­գիր ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ե­րուանդ Զա­խա­րեան, Թրա­յան Խրիս­տէա, Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէր, KfW զար­գաց­ման դրա­մա­տան ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան ծրագ­րե­րու ղե­կա­վար Եան Պլում, ստո­րագ­րըւե­ցաւ նաեւ «Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նիւ­թախ­նա­յո­ղու­թեան եւ բնա­պահ­պա­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մին Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան մա­սին» ներդր­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Այս փաս­տա­թուղ­թին ստո­րագ­րու­թիւն դրին Ե­րուանդ Զա­խա­րեան եւ EBRD-ի կող­մէ E5P հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Անտ­րէս Լանտ։ 

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԱՌ­ՋԵՒ ԴՈՒ­ՌԸ ԲԱՑ Է

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Ա­ռեւ­տու­րի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն Լիւք Տէ­վին յայ­տա­րա­րեց, որ կա­րե­ւոր է Հա­յաս­տա­նի՝ Եւ­րո­միու­թեան հետ ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գան հան­դի­սա­ցող փաս­տա­թուղ­թը ա­ւար­տին հասց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Ան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­նեստ խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման, ի­րա­ւա­կան մօ­տարկ­ման եւ ԵՄ-ի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­ման հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։ 

Լիւք Տէ­վին ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին մենք յան­կարծ յայտ­նա­բե­րե­ցինք, որ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան հա­մա­ձա­յնա­գի­րը ա­նոր թոյլ կու տայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող իր ա­ռեւտ­րա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը պահ­պա­նե­լու։ Հա­յաս­տան սա պահ­պա­նած է Վրաս­տա­նի հետ, բայց հար­ցը այլ է՝ ին­չու Հա­յաս­տան սա չպահ­պա­նեց Եւ­րո­միու­թեան հետ։ Չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է հասկ­նալ՝ Եւ­րո­միու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր, բայց եր­կի­րը ընտ­րեց դէ­պի Մաք­սա­յին միու­թիւն եր­թալ։ Մաք­սա­յին միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եր­կիր­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը տրուի այլ ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ։ Հա­յաս­տան պատ­րաստ է ա­ւար­տին հասց­նել ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գան հան­դի­սա­ցող փաս­տա­թուղ­թը՝ հաշուի առ­նե­լով այն պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, զորս ու­նի Մաք­սա­յին միու­թեան միա­նա­լով»։ Տէ­վին ա­ւել­ցուց, թէ դու­ռը բաց է Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ։ 

Իր կար­գին, Թրա­յան Խրիս­տէա ընդգ­ծեց, որ ԵՄ պատ­րաստ է Հա­յաս­տա­նին օգ­նե­լու՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստո­րագրուած փաս­տա­թուղ­թե­րը գե­րա­զանց ա­ռիթ մը կը նկա­տուին ԵՄ-ի կող­մէ վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Խրիս­տէա­յի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հառ՝ Երուանդ Զա­խա­րեան դի­տել տուաւ, որ Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տու­նը 10 մի­լիոն եւ­րո­յով պի­տի գան­ձատ­րէ Հա­յաս­տան-Վրաս­տան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման գծին կա­ռու­ցու­մը։ Ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ նաեւ բարձր լար­ման հաս­տա­տուն հո­սան­քի փո­խա­կեր­պիչ կա­յա­նի մը շի­նա­րա­րու­թիւ­նը։ Նա­խա­րա­րը հա­մո­զուած է, որ այս նոր ու­ժա­նիւ­թա­յին են­թա­կա­ռու­ցուած­քը պի­տի խո­րաց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցը՝ խթա­նե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ե­լեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի ա­ռեւ­տու­րը, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նիւ­թի շու­կա­նե­րը մուտք գոր­ծե­լու ա­ւե­լի մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նա­լու ա­ռու­մով։ Ներ­կայ կան­խա­տե­սում­նե­րով 2018 թուա­կա­նին ար­դէն ա­պա­հո­վուած պի­տի ըլ­լայ 700 մե­կա­վաթ  ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի տա­րան­ցում Հա­յաս­տա­նէն Վրաս­տան։ Ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ու­ժա­նիւ­թա­հա­մա­կար­գե­րու փոխ­կա­պակ­ցուած աշ­խա­տան­քը։ 

Վիլ­հելմ Մոլ­թէ­րէր ալ ա­ւել­ցուց, որ կա­րե­ւոր է այս հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն ստո­րագ­րու­մը, ո­րով­հե­տեւ սա կա­պակ­ցող օ­ղակ­ներ կը նա­խա­տե­սէ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու մա­կար­դա­կով Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ եւ կ՚ա­ւելց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի զար­գաց­ման նե­րու­ժը։ Մոլ­թէ­րէր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ւել­ցուց, որ ի­րենց դրա­մա­տու­նը պատ­րաստ է ա­ւելց­նել Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։ 

Փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­ռի­թով ար­տա­յայ­տուած բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու շար­քին էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան։ Եւ­րո­նեստ խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րուն շրջագ­ծով ան ը­սաւ, թէ ԵՄ Հա­յաս­տա­նի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին է։ Նոյն խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն ծի­րէն ներս Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մէջ կը գտնուին՝ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նա­կը ո­րո­շե­լու ճա­նա­պար­հին։ Այդ բո­լո­րը յա­ռաջ կը տա­րուին՝ հիմ­նուած այն զար­գաց­ման վրայ, որ ար­ձա­նագ­րուած է նա­խորդ շրջա­նին։ Նալ­պան­տեա­նի հա­մոզ­մամբ, Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն շար­քին է շար­ժու­նա­կու­թեան խթա­նու­մը։  

Բաց աս­տի, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռիթ­նե­րով մէկ­տե­ղուե­ցաւ Եւ­րո­նես­տի խորհր­դա­րա­նա­կան նիս­տի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս իր մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ե­լոյ­թով բա­ցուե­ցաւ Եւ­րո­նես­տի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի լիա­գու­մար նիս­տը։ Եր­կօ­րեայ նստաշր­ջա­նի բա­ցու­մէն ա­ռաջ, Սերժ Սարգ­սեան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց վե­հա­ժո­ղո­վի դի­ւա­նի ան­դամ­նե­րը։ Այս բո­լոր գե­տին­նե­րուն վրայ անդ­րա­դարձ կա­տարուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ փո­խան­ցեց իր պատ­գամ­նե­րը այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Պրիւք­սէլ, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ զար­գաց­ման բե­րու­մով։ Լիա­գու­մար նիս­տի բաց­ման ըն­թաց­քին ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու եւ փո­խադ­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։ Իր ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին էին նաեւ ու­ժա­նիւ­թի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւնն ու վե­րա­կանգնուող ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րը։ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ ճիշդ ժա­մա­նա­կը ե­կած է նաեւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի յա­ջորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հար­ցե­րուն ա­ռու­մով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2015