ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղով, ո­րու բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ 2016 թուա­կա­նի գի­տա­կան եւ գի­տա­կազ­մա­կեր­պչա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու ամ­փոփ­ման ուղ­ղուած էր տա­րե­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ ա­կա­դե­մի­կոս Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցուց հաս­տա­տու­թեան յա­րա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն ար­դիւնք­ներն ու կի­րա­ռա­կան մշա­կում­նե­րը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հա­շուե­տու տա­րուան կտրուած­քով մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մի պատ­րաս­տու­թեան եւ գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ծրագ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ այլ շարք մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ան­ցեալ տա­րուան աշ­խա­տան­քին։

Սերժ Սարգ­սեան նշեց, թէ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ այժմ նա­խընտ­րա­կան քա­րոզ­չա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան է՝ զերծ կը մնայ ե­լոյ­թէ եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց պա­տաս­խա­նել ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րու հար­ցում­նե­րուն ու լսել ա­նոնց ա­ռա­ջարկ­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս փու­լին Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ ինք հա­մա­միտ չէ, թէ Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միան սպա­ռած է ինք­զին­քը։ Ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան տա­րե­կան հա­շուե­տուու­թեան ըն­թաց­քին ան յայտ­նեց, որ պէտք է բա­րե­լա­ւել հաս­տա­տու­թեան վի­ճա­կը։ Սարգ­սեան ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ըլ­լան նա­խա­ձեռ­նող։ «Ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար գաղտ­նիք չէ, որ ա­կա­դե­միան ու­նի կարգ մը ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ, ո­րոնք ար­դիւ­նա­ւէտ չեն աշ­խա­տիր», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ սերտ կապ պէտք է ըլ­լայ ա­կա­դե­միոյ եւ երկ­րի միւս ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ «Ի հար­կէ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան գի­տու­թիւնն ալ պէտք է զար­գա­նայ, սա­կայն ի­րար­մէ տա­րան­ջա­տե­լը կը կար­ծեմ, սխալ է, եւ չեմ ըն­դու­նիր այն մօ­տե­ցում­ներն ու կար­ծիք­նե­րը, թէ ա­կա­դե­միան ա­ւար­տած է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը», ը­սաւ ան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի ծրագ­րեր ներ­կա­յաց­նեն յա­ւե­լեալ գան­ձատր­ման հա­մար։ Ան ընդգ­ծեց, որ հայ գիտ­նա­կան­նե­րէն կ՚ակն­կա­լէ ա­ւե­լի աշ­խու­ժու­թիւն եւ գի­տա­կան նոր նուա­ճում­ներ։

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017