ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն նկատմամբ Արեւմուտքը հետեւողական ուշադրութիւն ցուցաբերել կը շարունակէ։ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը քննարկեն Հայաստանին աջակցելու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ ԵՄ-ի անդամ 22 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը կը գումարեն Պրիւքսէլի մէջ։ Նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուին Երեւանին աջակցելու եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրները։ Բաց աստի, եւրոպացի նախարարները կը շօշափեն Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։

Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ կ՚այցելէ տարածաշրջան։ Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի ուղեւորութեան առաջին կանգառը Պաքուն է, ուր ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սթոլթենպերկ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Պաքուի շփումներուն աւարտին ան պիտի ուղեւորուի նաեւ դէպի Թիֆլիզ եւ Երեւան։ Վրաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները եւս ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալեն ընդհանուր քարտուղարը։

Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սթոլթենպերկի կարծիքով՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տարիներ շարունակ հակամարտելէ յետոյ այժմ հնարաւորութիւն ունին հասնելու կայուն խաղաղութեան։ Ընդհանուր քարտուղարը այս հանգամանքը մատնանշած է նաեւ Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին։ «Խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են ո՛չ միայն այստեղ, այլեւ աւելի լայն անվտանգութեան համար։ Ես պարզապէս կրնամ քաջալերել ձեզ՝ օգտուելու այս հնարաւորութենէն Հայաստանի հետ տեւական խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար», մատնանշած է Սթոլթենպերկ Պաքուի մէջ։

Բացի Սթոլթենպերկէն, Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին Պաքուի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն, որ այս պաշտօնին կոչուելէ վերջ առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան ձեռնարկած էր։ Ալիեւ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ երկու հարեւան երկիրները միշտ պաշտպանած են իրարու ինքնիշխանութիւնը։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին երկու ղեկավարները անդրադարձան տարածաշրջանի գործընթացներուն։ Անոնց հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը յատուկ նշանակութեան կարիքն ունին։ Ալիեւ համոզուած է, թէ Թիֆլիզի վերաբերմունքը միշտ եղած է այդպիսին։

Իր կարգին, Քոպախիծէն ալ ըսաւ. «Մենք միշտ փորձած ենք հնարաւորինս նպաստել մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։ Այս մօտեցմամբ մենք, ի հարկէ, կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը ապագային»։

Ալիեւ մատնանշեց, որ կողմերը միշտ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են իրարու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան ի նպաստ։ Ալիեւի խօսքով՝ որեւէ երկրի ինքնիշխան տարածքը չի կրնար ուժով փոխուիլ։ Միջազգային իրաւական չափանիշները պէտք է հիմք հանդիսանան իւրաքանչիւր երկրին համար եւ խտրականութիւն պէտք չէ ըլլայ։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Նուրթլէուն, որ այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024