ՀԱՅ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ԼԵԶՈՒՈՎ

Հայկական մշակոյթի հսկաներէն Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութիւնը, մարմնաւորած կերպարը ժամանակներու մէջ միշտ կը վերարժեւորուին՝ առիթ դառնալով նոր ներշնչանքներու եւ ծնունդ տալով զանազան նոր խորհրդանշաններու։ Այսպէս, շարժանկարի ականաւոր եւ անմոռանալի բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովի հանրայայտ «Նռան գոյնը» ժապաւէնը վերջերս Երեւանի մէջ բեմադրուեցաւ՝ արտասովոր եւ նոր ձեւաչափի մը մէջ։ Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս, գեղարուեստասէր շրջանակներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացաւ։ Փայլուն արդիւնքը ողջունուեցաւ բոլորին կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ-ֆրանսական մշակութային երկխօսութեան ուղղեալ խորհրդանշական ձեռնարկ մը։ Այս մշակութային երկխօսութիւնը նախատեսուած էր՝ Սերկէյ Փարաճանովի լեզուով։

«Նռան գոյնը» ժապաւէնը, որ բազմաթիւ խորհրդանշաններով կը ներկայացնէ հայը, հայ մշակոյթն ու հայկական աւանդութիւնները եւ կը պատմէ Սայաթ Նովայի մասին, պարի իւրօրինակ լեզուով ու մօտեցումով, արդի մտածելակերպով վերստին ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին։

Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին հիփ-հոփի, հայկական ազգային եւ ժամանակակից պարարուեստի համադրութեամբ ստեղծուած ներկայացումը համատեղեց հայկական եւ ելեկտրօ երաժշտութիւնները։ Արուեստագէտները այսպէսով փորձեցին փոխանցել Սերկէյ Փարաճանովի արուեստի ամբողջ բանաստեղծական հենքը՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Արդարեւ, դահլիճը լեցուցած արուեստասէրները աւելի քան տասն վայրկեան ծափահարեցին արուեստագէտները։ Հայ եւ ֆրանսացի պարողները ծափահարութիւններու տարափին մէջ հնարաւորութիւն չունեցան լքելու բեմը։

Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերու շարքին էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ այլ դէմքեր։

Հայ-ֆրանսական այս համատեղ նախագիծը կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի, Լիոնի մեթրոփոլի, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Լիոնի Հայաստանի հիւպատոսարանին աջակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024