ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, նաեւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ շարք մը մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մի եւ Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան մասին։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015