ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԳԱԼԻ ՄԱՍԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը չի կարողանար բնականոն բանակցիլ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներու հետ, չի կարողանար կազմակերպել պետական համակարգը, որպէսզի պատրաստուի հերթական, անխուսափելի պատերազմին: Բայց վարչապետը կը փորձէ իր ձախողումները քօղարկել «պատմական» եւ «իրական» Հայաստանի մասին անիմաստ, հակագիտական եւ հակապետական խօսակցութիւններով: Կը կարծեմ՝ որեւէ բանական մարդուն պարզ է, որ «իրականը» պայմանաւորուած է «պատմականով» եւ հակառակը:

Ի՞նչ կ՚ըսէին Իսրայէլի քաղաքացիները, եթէ այնտեղ որեւէ քաղաքական գործիչ ըսէր, որ Թորայի մէջ կը խօսուի պատմական Իսրայէլի մասին եւ ներկայիս Իսրայէլը Մովսէսի Հնգամատեանի հետ որեւէ գործ չունի: Այդ քաղաքացիները լաւագոյն պարագային կը ծիծաղէին: ԱՄՆ-ի մէջ, այո՛, հաւանական է, որ ըլլայ ինչ-որ լուսանցքային խմբակ, որ կ՚ըսէ, թէ ժամանակակից Ամերիկան որեւէ կապ չունի «Բլուրի վրայ քաղաքի» պատումին հետ: Բայց այնտեղ կան նաեւ Քոլումպը մերժող կամ Երկրագունդը տափակ համարող խումբեր: Ազատ երկիր է, որ կը հանդուրժէ նաեւ տարաշխարհիկ հայեացքներով մարդիկ: Բայց Ճորճ Ուաշինկթընէն կամ Ապրահամ Լինքոլնէն հրաժարիլը չի կրնար այնտեղ «մէյնսթրիմ» (հիմնական հոսանք) ըլլալ:

Ճիշդը ըսած՝ չեմ ալ հաւատար, թէ Փաշինեան կը հաւատայ «իրականի» եւ «պատմականի» հակադրութեան: Խօսք է, կ՚ըսէ՝ իր անճարակութիւնը արդարացնելու համար: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «նախկինացաւը»՝ «եթէ այդքան խելօք էիք՝ ձեր ժամանակներուն այդ խնդիրները լուծէիք»: «Նախկինները» իսկապէս բազմաթիւ հարցեր չեն կարողացած լուծել: Բայց անոնց չլուծած խնդիրները չեն համեմատուիր այն աղէտալի խնդիրներու հետ, որոնք յառաջացած են այս վեց տարուան ընթացքին:

Փաշինեանի օրօք մենք կորսնցուցած ենք միանգամայն իրական Արցախը եւ միանգամայն իրական Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ մասը: Միանգամայն իրական տասնեակ հազարաւոր հայեր դարձած են փախստական: Տաւուշի մէջ տարածքներ յանձնելու պարագային իրական Հայաստանի իրական բնակիչներուն մահացու վտանգ պիտի սպառնայ: Ընդ որում, այդ կեղծ «սահմանազատման» դիմաց Ատրպէյճան ամենեւին ալ չի խոստանար «սահմանազատուիլ» Սիւնիքի, Վայքի եւ Գեղարքունիքի մէջ ու հեռանալ իրական Հայաստանի տարածքներէն:

Այդպէս որ մեր կորուստները աւելի քան իրական են: Եւ «պատմական Հայաստանը» այստեղ մեղք չունի:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024