ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ՔԱՅԼԵՐ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շփումներ ունեցաւ Ռիատի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար արքայազն Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սաուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական թափը։ Անոնք ընդգծեցին, որ Երեւանի եւ Ռիատի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն յետոյ բարձր մակարդակի այս այցելութեան կազմակերպումը համագործակցութիւնը խորացնելու ցանկութեան լաւագոյն վկայութիւնն է։

Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սաուտ քննարկեցին միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնն ու գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ. բան մը, որու դրսեւորումն էր նախորդ տարի առաջին անգամ մասնակցութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի նախարարական հանդիպման։ «Շատ կարեւոր է, որ մենք համատեղ ջանքերով կը լրացնենք Սէուտական Արաբիոյ հետ խոստմնալից համագործակցութեան բացը», նշեց նախարարը Ռիատի մէջ։

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան իր պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին իրադարձութիւնները, նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բանակցութիւններն ու առանցքային հարցերու շուրջ հայկական կողմին դիրքորոշումը։ Տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան եւ տնտեսական կապուղիներու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան մեծապէս շահագրգռուած է լոժիսթիք փոխկապակցուածութեան բարձրացմամբ, ինչ որ կը նշանակէ թէ՛ տնտեսական շահ եւ թէ կայունութիւն։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024