ԿՈՎԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԷԶԸ…

Կովերու պարտէզ… Կովերու պարտէզ…

Վերջերս յաճախ հոլովուող անունդ՝ «Կովերու պարտէզ» արթնցուց մանկութեանս համով մէկ շրջանը, երբ մենք անհամբեր կը սպասէինք ամառնային արձակուրդին, որովհետեւ մեր առաջին պտոյտը քու քարքարոտ եւ տաքէն չորցած ցիրուցան խոտերուդ վրայ կ՚ըլլար…

Հայոց վանքին ճիշդ դիմացը… Բայց ուրիշ աշխարհ մը կ՚երթայինք եւ մեր ծնողները մտահոգուելու պէտք չունէին, որովհետեւ «Կովերուն պարտէզը» իրենց քիթին տակն էր։

Ի՞նչ կ՚ընէինք այնտեղ, ամրան խեղդող տաքին, նստելու տեղ չկար, գլուխնիս արեւէն պաշտպանելու համար տանիք չկար, նոյնիսկ ջուր չկար։ Բայց միթէ՞ այդ բոլորը խնդիրներ են տաքարիւն պարման-պարմանուհիներու համար։

Տղաքը ամենամօտ կարծուած տեղէն ջուր կը կրէին, կրակը կը վառէին։ Աղջիկներս կը զբաղէինք խոհանոցային գործերով, աղցաններ կը պատրաստէինք, գետնախնձորները կը լուայինք։ Իմ թանթիկ Շաքէս ինծի համար մասնաւոր, իմ չափովս գոգնոց մը կարած էր, որ իբր թէ գործ ընելու ժամանակ հագուստս չաղտոտեմ… Շիտակը բծախնդրութեամբ կը կապէի գոգնոցը մինչեւ. «Վարունգները կեղուէ ըսինք, ոչ թէ երկուքի բաժնէ…», յանդիմանեց ինձմէ քիչ մը մեծ խոհարարուհի մը։ Բայց ես համոզուած էի, որ կը կեղուէի, պարզապէս քիչ մը հաստ կը կեղուէի… Ես առանց գործ ընելու հաւատարմօրէն շարունակեցի կապել գոգնոցս։

Իւրաքանչիւրս իր պարտականութիւնը ունէր։ Չմոռնամ ըսելու, որ դարձեալ թաղերու բաժնուած էինք եւ իւրաքանչիւր թաղ իր վրանները ունէր, բայց ի՜նչ վրան, որուն մաման ինչ սաւան կամ ծածկոց տուած էր բերեր էինք, եւ մեր տղաները իւրաքանչիւրը մէկ ճարտարապետ, մէկ արուեստագէտ, այնպիսի վրաններ կը սարքէին, քիչ մըն ալ գետնին հողը կը փորէին, ըստ իրենց աւելի զով կ՚ըլլար… Թերեւս պէտք չկար, բայց պէտք էր ցոյց տալ, որ գործ կար ընելու։ Եւ արեւը մար մտնելէն ետք՝ կրակը կը վառուէր, ծուխը կը բարձրանար, մեր բերանները կը ջրոտէին, առաջին գետնախնձորը միշտ ամենապզտիկին կը տրուէր եւ այդ բախտաւոր անձը ես էի… Ա՜խ, այդ ինչ համով էր, անոնք աշխարհի ամենահամով գետնախնձորներն էին… Այդ գետնախնձորներուն աղն ու պղպեղը սէրն էր, մեր մանկութիւնն էր, մենք մեր վանքին վերջին «Ռոպինհուտեան» սերունդն էինք։ Յետոյ կը սկսէինք երգել, պատմութիւններ պատմել, տղաները իրենց հերոսութիւնները կը պատմէին, մենք աղջիկներս՝ կ՚ամչնայինք։

«Կովերու պարտէզ»ին բարձունքին վրայ ատաղձագործարան մը կար, աւելի ճիշդը ատաղձագործի աշխատասենեակ մը, ուր երկու դասական ատաղձագործներ կ՚աշխատէին, անոնք աննման էին իրենց գործին մէջ, մանաւանդ հնաոճ կարասիներ նորոգելու մէջ։ Պրն. Կարապետ Չափատարեանը, որ Հայ երիտասարդաց միութեան երկարամեայ, մինչեւ մահ եւ ինչու չէ նաեւ յետ մահու սկաուտապետն էր, զինք Չափի կը կանչէինք, երբ «Կովերու պարտէզ» մտնէինք, տղաները Չափի իզ հափի» (Chappy is happy) կը պոռային, այսինքն մենք հոս ենք։ Իսկ երկրորդը՝ պրն. Միհրան Գրիգորեանն էր, ՀՄԸՄ ակումբի անդամ, որ իր անուշ ձայնով մինչեւ ծերութիւն մեր եկեղեցական երգչախումբին մէջ երգեց։ Հայրս շատ կ՚այցելէր իրենց, որովհետեւ հնաոճ կարասիներու սիրահար ըլլալով՝ մեծ հաւաքածոյ մը ունէր, որոնց նորոգութիւնները միայն իրենց կը վստահէր։ Այս երկու ազնիւ հոգիները շատո՜նց հեռացած են մեզմէ, զիրենք փոխարինող ալ չեղաւ… Անոնք իրենց գործին իսկական վարպետներն էին։

Այդ բարձունքին վրայ նաեւ հաւնոց մը կար, որ կը պատկանէր պրն. Չափատարեանին։ Իրիկուն մը կրակը վառուած էր արդէն, սակայն կանուխ քուն մտնող հաւերէն չարաճճի հաւ մը չեմ գիտեր ինչպէս կամ հաւնոցէն փախեր էր, կամ դուրս մնացեր էր. է՛հ, ով ըսաւ որ մեր տղաները չարաճճի չէին, մտան հաւնոց, հատ մըն ալ առին եւ գետնախնձորը հաւով՝ համով-հոտով ճաշակեցինք։

Գիտէինք, որ անպատիժ պիտի չմնանք, ակումբէն պիտի սաստէին մեզ, որ տայինք բուն հերոսին անունը։ Մենք որոշեցինք պատասխանատուութիւնը բոլորիս վրայ վերցնել… Քուներնիս ալ փախցուցինք, այդ ժամանակ ակումբի պատիժները խիստ էին, բայց ետդարձ չկար, հաւերը կերեր էինք։

Յաջորդ օրը մեր Չափին անշուշտ կը նշմարէ, որ հաւերուն թիւը պակսեր է, եւ…

Իրիկունը երբ ակումբ կ՚երթայ, բոլորին առջեւ տխուր կ՚ըսէ. «Չեմ գիտեր ինչ կերեր են՝ երկու հաւ սատկեր են երէկ գիշեր, լաւ է բոլորը չեն թունաւորուած»։

Մեր մանկութեան անզուգական կերպարները…

Մեր քաղցրայուշ, աննման մանկութիւնը…

Մեր «Կովերուն պարտէզը»…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024