ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԹՈՒՐՔ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻ ՄԸ ԴԷՄ

Ատր­պէյ­ճա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ մի­ջա­զա­յին հե­տա­խու­զու­թիւն յայ­տա­րա­րե­ցին թուրք գոր­ծա­րա­րի մը դէմ։ APA գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ 47-ա­մեայ Եըլ­տը­րըմ Չաղ­լը կը մե­ղադ­րուի տուր­քե­րը վճա­րե­լէ խու­սա­փե­լով։ Զին­քը յայտ­նա­բե­րե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճան դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է INTERPOL-ի մօտ։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջին շրջա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զու­թիւն յայ­տա­րա­րած են շարք մը թուրք գոր­ծա­րար­նե­րու դէմ, ո­րոնց բո­լորն ալ կը մե­ղադ­րուին՝ հար­կե­րը վճա­րե­լէ խու­սա­փե­լու մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015