ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը շաբաթավերջին Սուրբ Աթոռի մօտ հիւրընկալեց Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Կը հաղորդուի, որ Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Մահմուտ Ապպասին շնորհեց «Խաղաղութեան հրեշտակ»ի կոչումը։ Սրբազան Քահանայապետը Մահմուտ Ապպասին յանձնեց մետայլ մը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութեան հրեշտակը, որ կը կոտրէ պատերազմի վատ ոգին։
Իր հերթին, Մահմուտ Ապպասն ալ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին նուիրեց մասունքները այն երկու սուրբերուն, որոնք Պաղեստինի մէջ ապրած էին, երբ ան կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։ Մահմուտ Ապպաս շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ անոնց սրբադասման արարողութեան։
Հարկ է նշել, որ անցեալ շաբթուան մէջ հաղորդուած էին նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Վատիկան կը պատրաստուի Պաղեստինը ճանչնալ որպէս անկախ, ինքնիշխան պետականութիւն։ Սուրբ Աթոռը պատրաստութիւն տեսած է համապատասխան համաձայնագրի մը բովանդակութեան յստակեցման ուղղութեամբ, սակայն այդ փաստաթուղթը տակաւին պիտի ստորագրուի։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի Նախագահ Պենիամին Նեթանիյահու շաբաթավերջին խոստացաւ միասնական Երուսաղէմը ընդմիշտ պահպանել իր երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Ըստ իրեն, ապագան կը պատկանի միասնական Երուսաղէմին, որ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ բաժնուած։