ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆԱՁԵՒ

Տա­ճա­րա­կան աս­պետ­նե­րու բարձ­րա­ստի­ճան պա­տ-ւի­րա­կու­թիւն մը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ եւ յար­գան­քի տուրք մա­տոյց՝ Հա­յոց ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Տա­ճա­րա­կան­նե­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ ստո­րագ­րե­ցին ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ մը, ո­րով իւ­րա­ցու­ցած ե­ղան ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Ռու­մա­նիոյ Տա­ճա­րա­կան միա­բա­նու­թեան գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նորդ Շթե­ֆան Սո­րին Փրե­լիփ­չիա­նո­յի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին մաս կը կազ­մէին ա­ւե­լի քան տասը եր­կիր­նե­րու Տա­ճա­րա­կան աս­պետ­նե­րու միա­բա­նու­թեան գե­րա­գոյն մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ յա­ւեր­ժա­կան կրա­կին առ­ջեւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու ա­ռըն­թեր, այ­ցե­լե­ցին նաեւ յա­րա­կից թան­գա­րա­նը։ Այն­տեղ է, որ ա­նոնք ստո­րագ­րե­ցին ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը։

Ներ­կա­յիս տա­ճա­րա­կան­նե­րու միա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուած է քսա­ն­հինգ քրիս­տո­նէա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ։ Շուրջ քսան հա­զար աս­պետ կ՚ան­դա­մակ­ցի այս միա­բա­նու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի Տա­ճա­րա­կան աս­պետ­նե­րու միա­բա­նու­թեան գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նորդ Բագ­րատ Լա­լա­յեան յայտ­նեց, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քին ներ­կայ գտնուե­ցան տաս­նե­րեք եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րակ­ներ։ Այս միա­բա­նու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նի շուրջ հա­զար տա­րիէ ի վեր, սկսեալ ա­ռա­ջին Խա­չակ­րաց ար­շա­ւանք­նե­րէն։ Ա­նոնք հե­տա­մուտ են քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, հե­տա­մուտ են քրիս­տո­նեա­նե­րու շա­հե­րու պաշտ­պան­ման։ Միա­բա­նու­թիւ­նը ու­նի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բնոյթ ու չի պատ­կա­նիր ո­րե­ւէ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ։

Տա­ճա­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ա­ւան­դա­կան հան­դեր­ձան­քով մեկ­նած էին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, ե­ղե­ւին մըն ալ տնկե­ցին յի­շա­տա­կի պու­րա­կին մէջ։

Ա­նոնք «Ար­մէնփ­րէս»ի թղթակ­ցին յայտ­նե­ցին, թէ ան­ցեա­լի մէջ տա­ճա­րա­կան­նե­րու զէն­քը սուրն էր, իսկ այ­սօր այդ մէ­կը փո­խա­րի­նուած է խօս­քով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015