ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ոս­տի­կա­նու­թեան օ­րուան 97-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր նիս­տին։ Հարկ է նշել, որ այս հա­ւա­քոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր ա­ւե­լի ա­ռաջ, սա­կայն այս տա­րի բա­ցա­ռու­թեամբ յե­տաձ­գուե­ցաւ՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Հան­դի­սա­ւոր նիս­տին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, նաեւ կա­տա­րեց շարք մը պար­գե­ւատ­րում­ներ։

«Հա­մո­զուած եմ, որ ձեր գոր­ծին նուի­րու­մը, սկըզ-բուն­քայ­նու­թիւ­նը եւ ար­հես­տա­վար­ժու­թիւ­նը ոչ միայն պի­տի շա­րու­նա­կեն բարձ­րաց­նել  Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ոս­տի­կա­նու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը եւ մեր երկ­րէն ներս օ­րի­նա­պա­հու­թեան մա­կար­դա­կը, այլ նաեւ պի­տի դառ­նան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թեան ու ա­զատ հա­սա­րա­կու­թեան կա­րե­ւոր բաղ­կա­ցու­ցիչ­ներ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին եւ ա­ւել­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կա­յին լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի առ­նուին ոս­տի­կա­նու­թեան մօտ ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րը, ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մա­կար­դա­կով հան­դերձ։

Բաց աս­տի, Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ ոս­տի­կա­նու­թեան հա­մա­կար­գը մշտա­պէս կը գտնուի բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի մը մէջ։ Այդ բա­րե­փո­խում­նե­րը կու տան դրա­կան ար­դիւնք­ներ ու ներ­կա­յիս իս­կա­պէս ե­րե­ւե­լի դար­ձած են այդ ար­դիւնք­նե­րը։ «Ես կը հա­ւա­տամ, որ ա­նոնք վա­ղը ա­ւե­լի տե­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լան», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, որ երկ­րի հա­սա­րա­կու­թեան մօտ ոս­տի­կան­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ վե­րա­բեր­մուն­քը միան­շա­նակ չէ, ինչ­պէս որ է պա­րա­գան այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015