«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՈԳԻՆ…»
Հայաստան վերջերս հերթական անգամ մասնակցեցաւ Ժընեւի Գրքի միջազգային փառատօնին։ «Յակոբ Թոփալեան» հիմնադրամին ջանքերով իրականացաւ Հայաստանի մասնակցութիւնը։
Միջազգային գետնի վրայ գրքի կարեւորագոյն փառատօններու շարքին կը դասուի Ժընեւի մէջ կազմակերպուածը։
Հայկական տաղաւարը առարկայ դարձաւ բազմազգ գրասէրներու վառ հետաքրքրութեան։ Այնտեղ ներկայացուած էին Հայաստանի կամ արտասահմանի մէջ վերջին տարիներուն տպագրուած հայերէն եւ օտարալեզու բազմաթիւ հրատարակութիւններ։ Ցուցահանդէսի հնգօրեայ ծրագրին շրջագծով, ներկայացուած գիրքերուն զուգահեռ՝ հայկական տաղաւարէն ներս առանձին ձեռնարկներ կազմակերպուեցան՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան, զբօսաշրջութեան, արուեստին, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Այդ ձեռնարկներուն որպէս ատենախօս մասնակցեցան սփիւռքահայ կամ օտար պատմաբաններ, լրագրողներ եւ հրապարակագրեր։
Տօնավաճառի վերջին օրը հայկական տաղաւարէն ներս կազմակերպուեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Կիւնիի «Հայաստան՝ ժողովուրդի մը ոգին» խորագրեալ գիրքին շնորհանդէսը՝ հեղինակին իսկ մասնակցութեամբ։
Հայկական տաղաւարին մօտ այցելուները իրենց շրջայցը կը կատարէին «Նոր աշուղ» նուագախումբին կողմէ հայկական աշուղական երգերու կատարումներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։
Հարկ է նշել, որ Ժընեւի Գիրքի միջազգային փառատօնը կը կազմակերպուի 1986 թուականէն ի վեր եւ իր ծաւալով աշխարհի մէջ երկրորդն է՝ ֆրանսերէնով գիրքերու տօնավաճառներու շարքին։ Ան մեծագոյնն է Զուիցերիոյ մէջ։ Ամէն տարի 820 հրատարակչութիւններ եւ աւելի քան 800 հեղինակներ կը մասնակցին Ժընեւի գիրքի տօնավաճառին, որու այցելուներուն թիւը կը հասնի 100 հազարի մակարդակին։ Հարկ է յիշեցնել, թէ 2011 թուականին Հայաստան եղած էր Ժընեւի Գիրքի միջազգային փառատօնի պատուոյ հիւրը։