ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԸ
Վիեննայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ջանքերով կազմակերպուած գագաթաժողովէն վերջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վարկածներուն վերաբերեալ մտային վարժանքը թափ ստացած է վերստին։ Անցեալ ամսուան սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հասաւ աննախընթաց համեմատութիւններու եւ իրադրութիւնը վատթարացաւ անբաղդատելիօրէն։ Ահա այսպիսի իրավիճակի մը պայմաններուն ներքեւ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայի մէջ մէկտեղուեցաւ իր ազէրի պաշտօնակցին հետ։ Հանդիպումէն վերջ ան լրագրողներուն յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահի հաւաստիացումները քիչ հաւատք կը ներշնչեն։
«Մեր նպատակն է՝ պարզել արդեօք իրականութեան մէջ բանակցութիւնները փակուղիի՞ մատնուած են, եւ այլ ելք մը չկայ, քան պատերազմիլ, թէ ոչ այնուամենայնիւ խնդիրը կրնանք լուծել քիչ կորուստներով», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ հանդիպման արդիւնքները բաւարար են։ Ուստի, պէտք է տեսնել, թէ իրադարձութիւնները ինչպէս պիտի զարգանան։
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Ապրիլի սկիզբի քառօրեայ պատերազմը վերջին 22 տարիներու ամենալուրջ իրադարձութիւնն էր։ «Ես գիտեմ մեր ժողովուրդի համբերութեան չափը, շատ լաւ կը ճանչնամ մեր ժողովուրդը։ Ես գիտեմ, թէ որո՛ւ հետ պիտի պաշտպանենք մեր երկիրը, ես գիտեմ, թէ որո՛ւ հետ պիտի հասնինք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքի իրականացման», ըսաւ ան վերադարձի ճանապարհին օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին։ Սարգսեան համոզուած է, թէ շփման գծի վրայ դիտարկման դրութեան հաստատման մասին որեւէ նախապայման չէ դրուած։ Նախագահները չեն խօսած բանակցութիւններու մասին։ «Խօսած ենք, որ լաւ կ՚ըլլայ տեսանելի ապագային հանդիպման մը կայանալը, բայց որեւէ պայմանի մասին չենք խօսած։ Մենք խօսած ենք հրադադարի դրութեան պահպանման մասին։ Ատրպէյճանի նախագահը, նայելով համանախագահներուն եւ ինծի՝ կ՚ըսէ, որ մենք նախաձեռնած ենք ապրիլեան այդ գործընթացին։ Վստահ եմ՝ կը պատկերացնէք իմ պատասխանը։ Ատրպէյճանի նախագահը այսօր տասնեակ անգամ կրկնեց, որ իր երկիրը միայն ու միայն խաղաղութեամբ լուծել կ՚ուզէ այս հարցը։ Լաւ վիճակ չէ, բայց իրական վիճակը այս է», շարունակեց ան։ Միեւնոյն ժամանակ Սարգսեան նպաստաւոր համարեց շփման գծին վրայ մշտադիտարկումներու վերաբերեալ ցուցաբերուած մօտեցումը, որովհետեւ հայկական կողմը երբեք չ՚ըլլար հրադադարը առաջին խախտողը։
Բաց աստի, Վիեննայէն վերադարձի ճանապարհին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Եթէ ատրպէյճանցիները դրժեն իրենց խոստումները, մենք պիտի պատասխանենք համարժէք։ Արդարեւ, հայկական կողմին համար ուրիշ ելք պիտի չմնայ։ «Կը յուսանք, որ խախտումները քիչ պիտի ըլլան։ Չեմ կարծեր, որ վաղուընէ սկսեալ խախտումները պիտի բացառուին, բայց յոյս ունիմ, որ հանդարտ պիտի ըլլայ։ Ռազմական գործողութիւններուն անդրադառնալով՝ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ Հայկական զինեալ ուժերը կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրները։ Ըստ իրեն, յաղթանակ տանիլ կը նշանակէ հասնիլ նախատեսուած նպատակին։ Հետեւաբար, Հայկական զինեալ ուժերուն ապահոված արդիւնքը արդարացած է։
Սարգսեան մեկնաբանեց նաեւ վերջին գործողութիւններուն ընթացքին հայկական կողմին ունեցած կորուստներուն մարտավարական, ռազմավարական եւ հոգեբանական նշանակութիւնը։ Իր խօսքերով, հայկական ուժերը որպէս անվտանգութեան գօտի ունին 800 հազար հեքտար տարածութիւն։ Վերջին գործողութիւններուն ընթացքին կորսնցուցած են 800 հեքտարի շուրջ բաժին մը։ Այսինքն նոյնիսկ մէկ հազարերորդը չէ։ «Ռազմավարական կամ մարտավարական առումով այդ տարածքները որեւէ նշանակութիւն չունին, զուտ հոգեբանական առումով այո, ատրպէյճանցիները կրնան իրենց ժողովուրդը համոզել, թէ արդիւնքի մը հասած են։ Բայց կ՚ուզեմ բաղդատութիւն մը ընել։ 800 հեքտար, եւ իւրաքանչիւր հեքտարի համար՝ մէկ զոհ, երկու վիրաւոր, ենթադրենք, ճիշդ թիւերը իրենք գիտեն», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ այդ 800 հեքտարը ետ բերելու համար չէր արժեր զոհ տալ քանի մը տասնեակ հայրենասէր երիտասարդներ, որոնց կարիքը շատ զգալի է։
Վիեննայի բանակցութիւններէն վերջ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Եդուարդ Շարմազանով յայտնեց, թէ վաղ է հակամարտութեան կարգաւորման հետագայ բանակցութիւններուն մասին խօսելու համար։
Արցախի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Վիեննայի հանդիպման։ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները մեծ ակնկալութիւններ չունին, որ Ատրպէյճան պիտի սատարէ հետաքննութեան դրութիւններու ներդրման։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթը Պապայեան ըսաւ, թէ անցեալ ամսուան պատերազմէն վերջ բանակցային գործընթացը մտած էր մահաքունի եւ Վիեննայի հանդիպումը առաջին փորձն էր զայն վերակենդանացնելու ճանապարհին։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու մայրաքաղաքներէն ալ գնահատականներ հնչեցին Վիեննայի տեսակցութեան շուրջ։ Մոսկուայի իշխանութիւնները տեղեկացուցին, թէ Սարգսեան-Ալիեւ տեսակցութիւնը թոյլ պիտի տայ շարունակելու կայուն հրադադարը։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովի խօսքերով Քրեմլին զգուշաւոր լաւատեսութեան մը մէջ է ներկայ փուլին։
Փարիզի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ համոզուած է, թէ Վիեննայի մէջ նախագահներուն կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները ունին շատ կարեւոր նշանակութիւն։ Ան յորդորեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը կատարեն այդ պարտաւորութիւնները, իսկ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր միջնորդի դերակատարութիւնը՝ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հետ։