ՄԱՅԻՍ 18-Ը «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»

1977-էն ի վեր եւ ամէն տարի մայիս 18-ին, աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներէ ներս, ներառեալ Հայաստանը, կը նշուի «Թանգարաններու միջազգային օր»ը:

Ասոր կողքին, վերջին տարիներուն, մեր հայրենիքէն ներս ձեւաւորուած է նոր եւ գեղեցիկ աւանդոյթ մըն ալ: Այսպէս, այդ օր, մինչեւ կէս գիշեր, հայրենիքի բոլոր թանգարանները, այցելուներու առաջ բաց կը մնան: Ու այս «Թանգարանային գիշեր»ուան ընթացքին, տեղի կ՚ունենան թատերական ներկայացումներ, երգ, պար, ասմունք եւ բազմաբնոյթ այլ միջոցառումներ:

Ու եթէ հարց տանք ըսելով, թէ ի՞նչ է թանգարան, կամ ի՞նչ ըսել է թանգարան այցելել եւ ինչո՞ւ համար մարդիկ, երկիրներ, կազմակերպութիւններ, զայն կեանքի կոչած կամ ստեղծած են.- պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է: Գիւտ մը ըրած պիտի չըլլամ, երբ յիշեցնեմ, որ թանգարանները ժողովուրդի մը կամ երկրի մը  յաւերժութեան գրաւականին, գիրին ու գրականութեան, լեզուին ու մշակոյթին հաստատ մասնիկներն են: Այդ բոլորին՝ պահեստանոցները: Արդար՝ ներկայացուցիչները:

Ուրեմն, թանգարանները ունին նոյն այդ երկրին կամ հոն ապրող ժողովուրդին մշակութային արժէքները հաւաքելու, պահպանելու ու սերունդներուն փոխանցելու կարեւոր եւ յատուկ առաքելութիւն:

Թանգարանով, դէպի պատմութիւն, արուեստ ու մշակոյթ նոր աշխարհ մը դրսեւորող մաքուր եւ դրական դուռ մըն է, որ կը բացուի այցելուին դիմաց: Լուսաւոր եւ բարի: Հետաքրքիր եւ թանկագին: Որովհետեւ, խորքին մէջ զանազան անուն կրող բոլոր թանգարանները կը պահեն եւ կը պահպանեն նոյն այդ երկրի մշակութային ժառանգութիւնը, որ կրնայ նաեւ դառնալ ներշնչումի եւ կրթական ու գիտական աղբիւր, պատմականի կողքին:

Անոնք նաեւ կը կրեն թելադրական, հաճելի բնոյթ մըն ալ, ժամանցայինի եւ ուսուցողականի նման: Հետաքրքիր է նշել, որ թանգարանը նաեւ կրնայ հանդիսանալ հարազատ աղբիւր, հետազօտողներուն, պատմաբաններուն, գիտնականներուն եւ նոյնիսկ ուսանողներուն համար: Որովհետեւ, այս մարդոց համար, թանգարանը այն վայրն է, ուր պահուած է այդ երկրի պատմական յուշն ու յուշերը, ստեղծագործութիւններն ու մանաւանդ ստեղծագործ հանճարը այդ ժողովուրդին:

Վերջ ի վերջոյ թանգարանի գլխաւոր նպատակն է երկրի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ այցելուներուն եւ յատկապէս զբօսաշրջիկներուն ցոյց տալ իր ժողովուրդի մշակութային եւ պատմական նշանակութիւնը, երկրի աճին ու զարգացման որակի աստիճանին հետ միատեղ:

Իսկ գալով մեզի, պէտք է հպարտօրէն եւ անպայման շեշտել եւ յիշեցնել, թէ մեր հայրենիքի ամբողջ տարածքին, ըստ պետական տուեալներուն, կան եւ «կը գործեն», ինչպէս սովոր է ըսել, աւելի քան 120 թանգարան, որոնցմէ 50-ը (ներառեալ մասնաճիւղերը)՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան ենթակայութեան տակ կը գտնուին:

Ու այս նախարարութիւնն է, որ ամէն մայիսի 18-ին, բոլորին կը հրաւիրէ այցելել այս թագարանները, իբրեւ հասարակութեան, կրթական, մշակութային եւ ժամանցային կեդրոններ, միասին տօնելու եւ տօնախմբելու «Թանգարաններու միջազգային օր»ը, միաժամանակ գլխաւոր նպատակ ունենալով շեշտաւորելու եւ կարեւորելու այս քարաշէն հաստատութիւններուն ստանձնած դերերը:

Մեզի համար, մեր թանգարանները, մեր մշակոյթի, կրթութեան եւ զարգացման կարեւորագոյն կեդրոններէն են, ուր հանրութեան ներկայացնելու համար կը պահուին մեր պատմական յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր իրադարձութիւններու, փաստերու եւ մեր ազգային ինքնութեան վկայութիւնները:

Մայիսի 18-ը պատեհ առիթ է նաեւ, կարեւորելու թանգարաններու վստահուած ու ստանձնած էական դերերը՝ իբրեւ նոր գիտելիքներով հարստանալու, իրական արժէքներ ճանչնալու եւ ներշնչուելու, ստեղծագործելու եւ երեւակայական յղացումները կեանքի կոչելու կեդրոն-օճախներ:

Մեր երկրի թանգարանները, իրենց այս առաւելութիւն-յատկութիւններով, առանցքային կառոյցներ ալ են, որոնք այսօր մեծ եւ կարեւոր դերեր կը խաղան մեր հանրութեան զարգացման եւ առողջ հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ:

Ու «Թանգարանային գիշեր»ուան ընթացքին դարձեալ տօնական տրամադրութիւն ստեղծող մթնոլորտին մէջ, հայ այցելուին դիմաց, կրկին անգամ նոր «աշխարհ» մը կը բացուի, եւ այս ձեւով ան կը ճանչնայ, կը ծանօթանայ, կը վերյիշէ եւ կը հպարտանայ իր ազգի պատմական, մշակութային, գեղարուեստական հարստութեան, պետական եւ ազգային անգնահատելի արժէքներուն, որոնք դարերու խորհուրդ ունին եւ որոնք իւրաքանչիւրիս համար ալ թանկ են: Տակաւին եթէ կ՚ուզէք, իբրեւ ուղենիշ, նոր կամուրջ մը կրնայ ստեղծուիլ իւրաքանչիւր այցելուի համար, դէպի մշակոյթ եւ պատմութիւն տանող նոր դռներու հետ:

Ու թանգարաններով հարուստ մայրաքաղաք մըն է Երեւանը: Հոն են Մեսրոպ Մաշտոցի համանուն Մատենադարանը, Չարենցի, Կոմիտասի, Գոչարի, Թումանեանի, Փարաճանովի, Գաֆէսճեանի անունով միւսներու շարքին: Հոն են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Էրեբունիի, Սարտարապատի անուններուն կապուած թանգարանները եւ կամ «տուն» թանգարանները, ուր բոլորին նման, իբրեւ պահեստանոց եւ ցուցադրական սրահ, գալիք սերունդներու եւ պատմութեան համար հաւաքուած են եւ պահպանուած նիւթական, հոգեւոր, մշակութային ձեռագիրներ, իրեր, գիտելիքներ, թանկարժէք եւ ուսուցողական իրեղէններ, առարկաներ, գրաւոր աղբիւներ, արուեստի գործեր, հին կամ ժամանակակից պատմական եւ արուեստագիտական աշխատանք-ձեռագործներ եւ ստեղծագործութիւններ: Մէկ խօսքով, պատմական հարուստ աղբիւրներու, հաւաքածոներու, աշխարհագրական, ժողովրդային նիւթերու եւ յիշատակարաններու, օրագրութիւններու, նամակներու, փորագրուած արձանագրութիւններու զանազան գրականութեան եւ մշակոյթի էջերու հաւաքածոներու ամբողջութիւններն են, որոնք կը պատկանին հանրայայտ դէմքերու, դէպքերու, տարիներու եւ դարերու:

Մաղթանքս է, որ մեր հասարակութիւնը իր հոգատար վերաբուրմունքով եւ գնահատանք-քաջալերանքով՝ աջակցի թագարաններու պահպանումի, զարգացման ու արդիականացման ճիգերուն:

Սովորաբար, իւրաքանչիւր երկիր ունի յայտնի ու անուանի թանգարաններ, քանի որ այդ բոլորին թեւ ու թիկունք կանգնողը, նիւթապէս ու բարոյապէս սատարողը իր կառավարութիւնն ու կամ ալ հասարակութիւնն է:

Համաձայն մեր հայրենիքի տուեալներուն, մայիսի 18-ին՝ «Թանգարաններու միջազգային օր»ը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն 113 մշակութային կազմակերպութիւնները անվճար կ՚ընդունին այցելուներ՝ իրենց բազմաբովանդակ միջոցառումներով, անմոռանալի դարձնելով իւրաքանչիւր այցելուի օրը:

Երանելի՜ պահեր...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022