ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՐՆԱՆ ՀԱՆԴԻՊԻԼ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ հարցազրոյց մը տուաւ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ չի բացառուիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ եռակողմանի նոր հանդիպման մը կազմակերպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցերը քննարկելու նպատակով։ Ըստ ռուս դիւանագէտին, բոլոր մակարդակներու վրայ համակարգուած աշխատանքը կը շարունակուի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնագրերու իրագործման ուղղութեամբ։ Երեք երկիրներու ղեկավարները մշտական կապի մէջ են։
«Չենք բացառեր դէմ առ դէմ հանդիպման կազմակերպման անհրաժեշտութեան յառաջացման պարագան», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ յիշեցուց, որ մայիսի 12-ին Տուշանպէի մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած էր Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ շրջանակը։
Բաց աստի, Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Մոսկուա յոյս ունի, թէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած 3+3 ձեւաչափով հարթակի երկրորդ նիստը տեղի կ՚ունենայ յունիսի վերջաւորութեան։ Ըստ իրեն, տարածաշրջանային խորհրդակցական այս հարթակի երկրորդ նիստը նախապատրաստման փուլի մէջ կը գտնուի։
«Տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու այս գործընթացին մէջ ներգրաւուիլը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ երկխօսութիւն ձեւաւորելու տեսակէտէ. օրինակ՝ Երեւանի եւ Պաքուի կամ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ առեւտուրի, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, նորարական թեքնոլոժիներու, ենթակառուցուածքներու արդիականացման ոլորտներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ նախագիծերու իրագործման միջոցաւ։ Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ համագործակցութեան յաւելեալ հնարաւորութիւնները կապուած են տարածաշրջանի տարանցիկ ներուժի բացայայտման, նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ պայքարի համար համագործակցութեան հետ», յայտնեց ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը։