ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Եւրոխորհուրդի նախարարաց կոմիտէն լիակատար աջակցութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման։ Երէկ Սթրազպուրկի մէջ գումարուած այս կոմիտէի 133-րդ նստաշրջանին ժամանակ ընդունուեցաւ որոշում մը, որով ողջունուեցաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ ուժի չկիրառման սկզբունքներու հիման վրայ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սթրազպուրկի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ շեշտեց, որ պէտք է արձանագրուին նաեւ դրական զարգացումները, Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերջապէս սկսած են սահմանագծման աշխատանքներուն։

Միրզոյեան ելոյթին մէջ մարդասիրական հրատապ հարց նկատեց՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուած ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու, պատանդներու ազատ արձակումը։

Իր խօսքով՝ Երեւան կը վերահաստատէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն ու յարատեւ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ յանձնառութիւնը։ Նախարարը հերթական անգամ խօսեցաւ նաեւ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման՝ միշտ շեշտելով հայկական կողմի առաջնահերթութիւններն ու զգայնութիւնները։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Սթրազպուրկի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ծիրէն ներս ան մէկտեղուեցաւ Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Աննալենա Պերպոքի, Հանքէ Պրուինս Սլոթի եւ Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան պաշտօնակիցներուն հետ շօշափեց Երեւան-Պաքու հաշութեան գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Մայիս 18, 2024