ՊԻՏԱԿՆԵՐ ՓԱԿՑՆԵԼ
Եթէ մէկ կողմ թողենք բոլոր տեսակի արդար կամ անարդար մեղադրանքները, ապա այսօրուայ իշխանութիւններու քոնսեփթիւէլ սխալն է, որ անոնք կը կարծեն, թէ հնարաւոր է պատերազմէն խուսափիլ կամ, առնուազն, անորոշ ժամանակով զայն յետաձգել:
Որպէս երաշխիք՝ ներկայիս վարչապետը կը ներկայացնէ թուղթի մը «օրինականութիւնը» (ի դէպ՝ սխալ հասկնալով այդ բառին իմաստը):
Յիսուն տարի առաջ, յարաբերական խաղաղութեան պայմաններու ներքեւ նման «կալուածաթուղթերը», պայմանագրերը կամ հռչակագրերը թերեւս որոշ նշանակութիւն մը ունէին: Այսօր անոնց նշանակութիւնը նոյնն է՝ որքան վարչապետի կողմէ այդքան սիրուած Հայաստանի ստուարաթուղթէ մաքեթը: Հեռու չերթալու համար բերեմ երկու փաստարկ:
1- Ատրպէյճան ակնյայտօրէն չի պատրաստուիր ետ քաշուիլ այն տարածքներէն, որոնք անվիճելիօրէն կը պատկանին Հայաստանին: Սա անուղղակիօրէն հաստատած է ինքը՝ Փաշինեանը՝ վերջին հարցազրոյցին ժամանակ քանի մը անգամ խուսափելով պատասխանել այդ նիւթով հարցին:
2- Տաւուշի մէջ «սահմանազատումը» կը կատարուի ո՛չ Ալմա-Աթայի հռչակագրով, ո՛չ ալ Խորհրդային ժամանակի քարտէսներով, այլ՝ բացառապէս Ատրպէյճանի քմահաճոյքներով:
Որեւէ թուղթ (ստուարաթուղթ) Ալիեւը ետ չի պահեր Հայաստանի վրայ յարձակելէ՝ ինչպէս նոյեմբերի 9-ի համատեղ յայտարարութիւնը ետ չպահեց Արցախը շրջափակելէն, իսկ այնուհետեւ՝ հայաթափելէ: Յարաճուն զիջումները, հետեւաբար, չեն հեռացներ պատերազմի վտանգը, պարզապէս կը վատթարացնեն մեր ռազմավարական դիրքերը՝ ապագայ մարտական գործողութիւններու պարագային:
Հայաստանը վաղ թէ ուշ ստիպուած կ՚ըլլայ մտնել պատերազմի մէջ: Ճիշդ է, եթէ սա տեղի ունենայ Փաշինեանի օրօք, դիմադրելու բախտը քիչ է: Այդ հետեւութեան կարելի է գալ՝ դատելով ո՛չ միայն այն բանէն, թէ ան պետութիւնը ինչպէ՛ս կը ղեկավարէր 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, այլեւ՝ աւելի վերջ բանակի հետ եւ դէմ կատարուած աղաղակող սխալներէն:
…Ըստ «Gallup»ի վերջին հարցախոյզին՝ «Պատրա՞ստ էք համակեցութեան ատրպէյճանցիներու հետ, եթէ միջազգային կառոյցներով երաշխաւորուի խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը» հարցին 75.7 տոկոսը պատասխանած է՝ «միանշանակ ոչ»: Բայց սա չի նշանակեր, որ եթէ այդ «համակեցութիւնը» (իսկ իրականութեան մէջ՝ ապագայ զաւթումն ու մագլցումը) շարունակուի, ապա մեր բնակչութեան երեք քառորդը պիտի ընդվզի: Հայաստանցիներու աւելի մեծ տոկոսը դէմ էր, որ Արցախը ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Ինչպէս պարզուեցաւ՝ մէկ մարդու կողմ ըլլալը լրիւ բաւարար էր:
*
Բազմիցս նշած եմ, որ «քաղաքականութիւն վարելու» ՔՊ-ական (Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը) ոճը կը հանդիսանան՝ բանսարկութիւնները, շանթաժն ու պիտակներ փակցնելը: Աչքէ անցուցէք խորհրդարան-կառավարութիւն հարցուպատասխանի, ՔՊ-ականներու ելոյթներու, վարչապետի ասուլիսի որեւէ թեքստ եւ կը համոզուիք այս ուղղութեամբ:
Վերջին օրինակը: Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը հրապարակած էր հակիրճ փաստաթուղթ մը, որու մէջ իր նկատառումները կը յայտնէր Հայաստան-Ատրպէյճան «սահմանազատման» գործընթացին վերաբերեալ: ՔՊ-ական պատասխանը տիպական էր. «Այդ դիւանագէտները դասալիքներ են»։ Հետեւաբար, անոնց ըսածին պէտք չէ լուրջ վերաբերուիլ:
Ինչ կ՚ըսէին դիւանագէտները:
1- Սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնել երկու երկիրներու միջեւ, որոնք չունին խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, աննախադէպ երեւոյթ է դիւանագիտական նախընթացներու մէջ:
2- Ալմա-Աթայի հռչակագիրը չի պարունակեր սահմանային որեւէ նկարագրում:
3- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Խորհրդային հանրապետութիւններու սահմանները որոշուած են երկու օրինական գործընթացներով՝ 1928-29 թուականներուն երկու հանրապետութիւններու գերագոյն խորհուրդներու որոշումներով, ինչպէս նաեւ 1984-87 թուականներու համատեղ յանձնաժողովներու որոշումներով:
Նկատառումները, ինչպէս կը տեսնէք, զուտ մասնագիտական են: Բնականոն երկրի մը մէջ համապատասխան մտաւոր մակարդակի եւ գիտելիքներով իշխանութիւնը կը պատասխանէր ըստ էութեան, գուցէ առարկութիւններ ունենար կամ համաձայնէր:
Բայց սա ՔՊ-ի ոճը չէ: Իրենց ոճն է՝ վիրաւորական պիտակ փակցնելն է, իսկ համացանցի վրայ՝ քարոզիչներու հայհոյանքները: Հիմնական խնդիրը, ի հարկէ, տգիտութիւնն է եւ անկէ բխած ինքնասիրահարուածութիւնը: Բայց՝ նաեւ այն, որ Փաշինեանի խումբը Ատրպէյճանի հետ բանակցելու նպատակ չունի: Նպատակը ուժի սպառնալիքի տակ խելակորոյս եւ միակողմանի զիջումներ ընելն է, Ալիեւի պահանջները արագ-արագ կատարելը՝ այդպէսով իբրեւ թէ կանխարգիլել պատերազմը: Իրականութեան մէջ այս քաղաքականութիւնը կ՚ուժեղացնէ թշնամին եւ հետեւաբար՝ նաեւ պատերազմի վտանգը:
Այդ համատեսքին մէջ կայ «սպաննիչ փաստարկ» մը եւս. դուք կ՚ուզէք, որ մենք հրաժարինք բանակցութիւններէն եւ այսպէսով պատերազմ կը հրահրէք:
Չեմ գիտեր, ո՛վ ինչպէ՛ս՝ բայց փաստաթուղթի հեղինակ դիւանագէտները կ՚առաջարկեն ճիշդ հակառակը՝ սկսիլ բանակցութիւններու եւ վերջ տալ միակողմանի զիջումներուն:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի համակցուած խմբագրականներ