ՏԵՒԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ, երկու երկիրներու միջեւ տեւական երկխօսութիւն յառաջ կը տարուի։ Այս առումով մշակոյթի նախարարներու երէկուան ժամադրութիւնը եղաւ հերթական փուլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգութեան համար մշակուած ծրագիրն ալ միշտ կը զբաղեցնէ Անգարա-Երեւան օրակարգը։ Հարկ է նշել, որ Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ եւ Ժաննա Անդրէասեան Աշխապատի մէջ կը գտնուէին Մշակոյթի նախարարներու միջազգային խորհրդաժողովին առթիւ։

Բացի Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգութեան շուրջ կարծիքներ փոխանակելէ նախարարները ընդգծեցին, որ ի թիւս այլ հարցերու՝ մշակութային համագործակցութիւնը եւս կրնայ նպաստել երկկողմանի յարաբերութւններու ամբողջական կարգաւորման։

Շաբաթ, Մայիս 18, 2024