Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
19 ՄԱՅԻՍԻ ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 105-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Պետական աւագանիին կողմէ պատգամներ ալ հրապարակուած են նոյն առթիւ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան, ազգային ազատագրական պայքարին տեսակէտէ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու խորհրդանշանն է այս մեծ տօնը, որու կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան միշտ կ՚ընդգծէ, որ 19 Մայիս թուականին աշխարհին հռչակուած է թուրք ազգի դիմադրունակութիւնը։
Շաբաթ, Մայիս 18, 2024