«ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՄԻՋՈՑ»
Ամբողջութեամբ պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը կը խորանայ վտանգաւոր թափով։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ «Որոշած եմ դիմել ծայրայեղ միջոցի։ Այս պահէն սկսեալ կը միանամ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ քաղաքացիներուն կողմէ ձեռնարկուած նստացոյցին», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան։ Իր խօսքով՝ եթէ մէկ շաբթուան ընթացքին Արցախի ժողովուրդի վիճակը չվերադառնայ քիչ թէ շատ կայուն ու բնականոն հունի մը, ապա աւելի կոշտ գործողութիւններ պիտի սկսին։
Մինչ Արցախի մէջ համախմբման ուղղեալ որոնումներն ալ կը շարունակուին, նախօրէին ձերբակալուած ազգային հերոս Վիթալի Բալասանեան ազատ արձակուեցաւ դատական որոշումով։ Այս իրադարձութիւնը յաջորդեց Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հետեւեալ կոչին. «Մէկ կողմ դրէք բոլոր տեսակի տարաձայնութիւնները եւ փորձեցէք համախմբուիլ»։
Շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութեան առընթեր, Արցախի դէմ յարձակումներն ալ կը շարունակուին։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակն ու Երեւան-Պաքու հաշտեցման գործընթացը։ «Ռուսական կողմը հաստատած է Լաչինի միջանցքի ամբողջական ու անյապաղ ապաշրջափակման, անոր երկու ուղղութիւններով փոխադրութեան հաղորդակցութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է Մոսկուայի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ՝ յիշեցուելով, որ սա նախատեսուած է հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեամբ։ Ռուսական կողմը անհրաժեշտ կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս բնականոն կենսաապահովման տեսակէտէ պայմաններու ստեղծուիլը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ վերջին օրերուն Պաքուէն Մոսկուայի հասցէին հնչած կարգ մը յայտարարութիւններու։