ԹԷ՛ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ԹԷ ՎԷՃ
Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը առաջնահերթօրէն կը շարունակէ օրակարգը զբաղեցնել, Իրան մտադիր է Հայաստանի տարածքով միանալ Ռուսաստանի ելեկտրացանցին։ Այսպէս, Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապիան յայտնեց, որ իր երկիրն ու Ռուսաստանը ելեկտրական ուժանիւթ պիտի փոխանակեն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով։ «Ռուսաստանի հետ ելեկտրականութիւն փոխանակելու համար մենք հետեւած ենք Ատրպէյճան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան երկու երթուղիներու։ Այժմ կը գտնուինք վերջնական բանակցութիւններու եւ ծրագրի իրականացման փուլի մէջ», ըսաւ ան եւ տեղեկացուց, որ Իրան կը ձգտի որոշ հարեւաններու հետ ելեկտրական ուժանիւթ փոխանակել առանց վճարման։ Մեհրապիանի խօսքով՝ շուտով պիտի սկսի Ռուսաստանի հետ Ատրպէյճանի տարածքով ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակումը։ Օրակարգի վրայ է նաեւ նոյնը՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքով։
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստան յարգէ իր երկրին կարմիր գիծերը։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան պէտք է գիտնայ, որ հարեւաններու հետ Իրանի համագործակցութիւնը կախում ունի անոր կարմիր գիծերէն՝ ներառեալ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքէ։ Ան յայտնեց, որ Իրանի խորհրդարանը բացարձակապէս կը մերժէ Պարսից ծոցէն ներս՝ իր երկրի երեք կղզիներուն վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ տարածաշրջանի արաբական երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած ռազմավարական երկխօսութեան նախարարական հանդիպման արդիւնքով կատարուած համատեղ յայտարարութեան բովանդակութիւնը։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Պարսից ծոցի այն երեք կղզիներուն, որոնց Իրանի պատկանելիութեան պարագան կը վիճարկուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ։ Ղալիպաֆի խօսքով՝ Մոսկուա արդէն ինքն իսկ ՆԱԹՕ-ի աշխարհաքաղաքական ընդլայնման զոհն է, ուստի պէտք չէ նպաստէ, որպէսզի Արեւմուտքը ապակայունացնէ Պարսից ծոցի տարածաշրջանը։