ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆԸ

Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Այսպէս, «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու թանգարան-կաճառի ղեկը վստահուեցաւ Արա Խզմալեանին, որ ներկայիս կը վարէ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարարի պաշտօնը։

Կը հաղորդուի, որ ընտրութենէն անմիջապէս առաջ թեկնածութենէ հրաժարած է Արծրուն Սահակեանը։ Ուստի, ընտրութենէն առաջ մնացած է երկու յաւակնորդ, որոնցմէ մին էր վերջին շրջանի տնօրէնի պաշտօնակատարը՝ Կարէն Մատթէոսեան։ Արդիւնքին՝ պաշտօնը վստահուած է Արա Խզմալեանին։

Երէկուան քուէարկութեան ընդառաջ Հայաստանի կառավարութիւնը Մատենադարանի տնօրէնի ընտրութեան ընթացակարգին մէջ փոփոխութիւն կատարած էր։ Այսպէս, գիտական աստիճան ունենալը դուրս թողուած էր պարտադիր չափանիշներու շարքէն։ Այժմ Մատենադարանի տնօրէն ընտրուած Արա Խզմալեան կը համապատասխանէ արդէն այդ նոր չափանիշներուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2023