Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Այսպէս, ան կ՚ընդունուի Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ նախարարը տեսակցութիւններ կ՚ունենայ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս։
Հարկ է յիշեցնել, որ Վիեննայի մէջ կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնը։ Այս կազմակերպութիւնը այն կարեւոր միջազգային հարթակներէն մին է, որու վրայ աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր քննարկման նիւթ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Վերջին շրջանին ալ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովներուն ժամանակ Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ կը բարձրաձայնէ իր մօտեցումները։
Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2023