ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՇՆԱՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին համատեղ նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ սեպտեմբերի 1-ին, Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Մայր աստուածուհին. Անահիտէն Մարիամ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան յայտնեց, որ սա շատ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ թանգարանային ոլորտի եւ թանգարանի միջազգայնացման ուղղութեամբ։

Այս մօտալուտ նախաձեռնութեան առանձնայատկութիւնն է, որ Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ արձանի գլուխն ու ձեռքը պիտի ներկայացուին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։

«Առաջին անգամ Բրիտանական թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած եւ Անահիտ չաստուածուհիի վերագրուած յայտնի պրոնզէ արձանէն պահպանուած գլուխն ու ձեռքը Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուի՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ ի պահ դրուած ու զանազան ժամանակաշրջաններու պատկանող մայրութեան նիւթին վերաբերեալ տարբեր ցուցանմոյշներու հետ համադրութեամբ», յայտնեց նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Հարկ է նշել, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հիմնադրութեան 105-րդ տարին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2024