ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա դէպի Երեւան ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին տեղեկացուց, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս պիտի սկսի աշխատիլ իր երկրի բանակին կողմէ ներկայացուցիչ մը։
Ուզրա Զէյայի Երեւանի շփումները զուգադիպեցան այն օրերուն, երբ սկիզբ առած է Հայաստան-ԱՄՆ «Արծիւ գործընկեր-2024» համատեղ զօրավարժութիւնը։ Զէյա, որ քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գծով պատասխանատու է, Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուած է «Հետք» կայքէջին։ Ան այս առթիւ անդրադարձած է Երեւան-Ուաշինկթըն համագործակցութեան, ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն, Արցախէն տեղահանեալներու վերադարձի իրաւունքին, Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն։ Հարցազրոյցին ժամանակ Զէյա հաստատած է, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս ԱՄՆ-ի բանակի ներկայացուցիչ մը պիտի սկսի աշխատիլ։ «Սա ողջունելի զարգացում մըն է։ Մենք կ՚ողջունենք ԱՄՆ-Հայաստան պաշտպանա-քաղաքացիական եւ անվտանգային համագործակցութեան խորացումը։ Սա եւս կը մատնանշէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան փուլ թեւակոխած ըլլալու պատմական փաստը», ըսաւ ան։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտեց, որ Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալու հանգամանքը խոչընդոտ մը չէ ԱՄՆ-ի հետ աւելի խոր պաշտպանական համագործակցութեան մը համար։ Ի շարունակութիւն ան ըսաւ. «Որեւէ փաստ գոյութիւն չունի, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ռազմական ներկայութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»։
Հարկ է նշել, որ Երեւանի կեցութեան օրերուն Ուզրա Զէյա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուած էր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ
Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ Հայաստան եւ Հնդկասկան կը գտնուին՝ երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան հարցերով համատեղ աշխատանքային խումբի մը ստեղծման գործընթացին մէջ։ «ThePrint» սկզբնաղբիւրին յղում կատարելով հաղորդուած է լուրը, որու մէջ շեշտուած է նաեւ, որ բացի Հնդկաստանէն, Հայաստան ռազմաարդիւնաբերական գնումներ կը կատարէ նաեւ ԱՄՆ-էն եւ Ֆրանսայէն՝ իր բանակի արդիականացման գործընթացի շրջանակներէն ներս։