ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յա­ռա­ջի­կայ ա­միս պի­տի այ­ցե­լէ Փե­քին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Աբ­րա­հա­մեան իր չին պաշ­տօ­նակ­ցին հետ պի­տի քննար­կէ Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ի­րա­նի հետ եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման նա­խա­գի­ծը կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ՝ ա­նոր են­թարկուած շրջա­փակ­ման պայման­նե­րուն ներ­քեւ։ Վեր­ջին շրջա­նին չի­նա­կան կողմն ալ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց կու տայ այս նա­խագ­ծին նկատ­մամբ, ինչ որ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ շփում­նե­րու խտաց­ման ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է։ Վեր­ջին օ­րե­րուն յայ­տա­րա­րուած էր, թէ Չի­նաս­տա­նէն ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը քննար­կե­լու նպա­տա­կով Փե­քին պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան։ Յայտ­նի է, որ այս կա­րե­ւոր նիւ­թին շուրջ բարձր մա­կար­դա­կի քննար­կում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղին մեծ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ երկ­րին հա­մար։ Ար­դա­րեւ, եր­կի­րը պի­տի ու­նե­նայ ճա­նա­պարհ մը դէ­պի Ա­սիոյ շու­կայ եւ պի­տի զար­գաց­նէ իր են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րը։ Եր­կա­թու­ղին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը պի­տի ըն­ձե­ռէ լու­ծե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նէն ապ­րանք­նե­րու ար­տած­ման խնդիր­նե­րը։

«Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ դէ­պի Չի­նաս­տան իմ այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին հետ պի­տի քննար­կենք այդ հար­ցը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ վեր­ջին հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ձեռք բե­րուած է քա­ղա­քա­կան պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն։ Այժմ պէտք է տնտե­սա­կան ա­ռու­մով հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նիլ Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին հետ՝ եր­կա­թու­ղիի վե­րա­բե­րեալ կարգ մը խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ», յայտ­նեց Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան։

Միւս կող­մէ, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ այս տա­րուան ըն­թաց­քին Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հետ պի­տի այ­ցե­լէ Ջա­ւախք։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015