Հա­րա­զատ Օ­մար Շե­րի­ֆը

Ծնողքս յա­ճախ կը խօ­սէր ու կը պատ­մէր բազ­մա­թիւ դե­րա­սան-դե­րա­սա­նու­հի­նե­րու մա­սին, սա­կայն Օ­մար Շե­րիֆ ա­նու­նը տար­բեր տպա­ւո­րու­թիւն եւ հմայք ձգած էր մեր պա­տա­նե­կան հո­գի­նե­րուն մէջ,  նոյ­նիսկ ա­նոր նկա­րը չտե­սած: Քլարք Կէյ­պըլ, Ան­թո­նի Քուին, Չարլ­թոն Հես­թըն ա­նուն­նե­րը պար­զա­պէս հա­սա­րակ գո­յա­կան­ներ էին կար­ծես, մինչ Օ­մար Շե­րի­ֆը՝ յա­տուկ ա­նուն:

Ան­բա­ցատ­րե­լի հա­մակ­րանք, մօ­տի­կու­թիւն՝  չտե­սած, չճանչ­ցած ան­ձի մը հան­դէպ…:

Իսկ երբ ը­սին, որ 1932-ին Ե­գիպ­տո­սի Ա­ղեք­սանդ­րիա քա­ղա­քը ծնած, լի­բա­նա­նեան կա­պե­րով ա­րաբ մըն է, ու­րեմն մտա­ծե­ցի՝ ան հա­յե­րուն ա­ւե­լի մօտ է, քան աշ­խար­հահռ­չակ միւս դե­րա­սան­նե­րը, ո­րոնք օ­տար էին, իսկ Օ­մար Շե­րի­ֆը՝ հա­րա­զատ:

Տա­րօ­րի­նակ ջերմ զգա­ցում մը ու­նե­ցանք, երբ 1964 թուա­կա­նին պատ­րաս­տուած Ան­թո­նի Ման­նի «Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան ան­կու­մը» շար­ժա­պատ­կե­րը կը դի­տէինք: Դրուագ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ ի մեծ ու­րա­խու­թիւն մե­զի, նկա­տե­ցինք, որ Հռո­մի կայ­սեր դստեր (Սո­ֆիա Լո­րէն) ա­մու­սի­նը հա­յոց թա­գա­ւորն էր, եւ այդ դե­րը ստանձ­նած էր Օ­մար Շե­րիֆ:

Ա­ւե­լի վերջ, երբ Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան դպրո­ցի ա­շա­կերտ էինք, Նի­կո­սիոյ շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ դի­տե­ցինք Ան­րի Վեր­նէօ­յի (Ա­շոտ Մա­լա­քեան) բե­մադ­րու­թեամբ 1971-ին պատ­րաս­տուած «The Burglars» (Le Casse) ժա­պա­ւէ­նը, ո­րուն բե­մա­գիր­ներն էին Ան­րի Վեր­նէօյ եւ Վա­հէ Քա­չա: Գլխա­ւոր հե­րո­սը (Ժան Փոլ Պել­մոն­տօ) Ա­զատ ա­նու­նով հայ մաք­սա­նենգ մըն է:  Շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ կը խօսուի այդ ա­նուան ի­մաս­տին եւ հայ­կա­կան  ու­տես­տե­ղէ­նի մա­սին, իսկ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող նա­ւը կը կո­չուի «Ա­րաքս»: Ի վե­րայ այսր ա­մե­նայ­նի, յոյն ոս­տի­կա­նին դե­րը ստանձ­նած է… Օ­մար Շե­րիֆ: Շար­ժա­պատ­կե­րը նկա­րա­հա­նուած է 1971 թուա­կա­նին Յու­նաս­տա­նի մէջ, ուր հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պած ճաշ­կե­րոյ­թին ներ­կայ ե­ղած են Օ­մար Շե­րիֆ, Ան­րի Վեր­նէօյ, Ժան Փոլ Պել­մոն­տօ եւ ու­րիշ­ներ:

Ու­րեմն շատ ալ տա­րօ­րի­նակ չէր, որ այս անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը հա­րա­զատ կը թուէր մե­զի:

Շուրջ քսա­նա­մեակ մը ետք, հա­յե­րուն բա­րե­կա­մը կրկին միա­ցաւ իր հայ բա­րե­կա­մին՝ Ան­րի Վեր­նէօյին՝ կա­րե­ւոր դեր ստանձ­նե­լով «Մայ­րիկ» ժա­պա­ւէ­նին մէջ: Ա­սի­կա, սա­կայն, ե­թէ մեզ ու­րա­խա­ցուց, յստա­կօ­րէն զայ­րա­ցուց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ար­գի­լե­ցին Օ­մար Շե­րի­ֆին մուտ­քը Թուր­քիա:

Հա­րա­զա­տի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի խո­րա­ցաւ մէջս: Պարզ դե­րա­սա­նէ մը շատ ա­ւե­լին թուե­ցաւ ին­ծի: Խո­րա­թա­փանց, հա­յու տխուր աչ­քե­րով մարդ մը, «պա­պա» մարդ մը, որ կար­ծես մեր ըն­տա­նե­կան բա­րե­կամն է, հա­յու բա­րե­կա­մը ըլ­լա­լուն  հա­մար:

Ա­ռա­ւել՝ ա­րե­ւե­լեան բնա­կան ջեր­մու­թիւն մը, ա­րեւմ­տեան քիչ մը պա­ղա­րիւն աստ­ղա­հոյ­լե­րուն մէջ, Օ­մար Շե­րի­ֆին նոյ­նիսկ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին  կու տար ռո­ման­թիք հմայք մը, որ­մէ զուրկ են նոյ­նիսկ իր կէս տա­րի­քը ու­նե­ցող դե­րա­սան­նե­րէն շա­տեր: Վի­պա­կան մթնո­լորտ մը կը ստեղ­ծէր նախ այն, որ ա­րա­բա­կան պաս­տա­ռի տի­կի­նը՝ Ֆա­թէն Հա­մա­ման ե­ղած էր իր ա­ռա­ջին կի­նը (1955-1974), որ­մէ բա­րե­կա­մա­բար բաժ­նուե­լէն ետք Օ­մար Շե­րիֆ չէ ա­մուս­նա­ցած եւ ը­սած է. «Ֆա­թէն Հա­մա­ման իս­կա­կան եւ միակ սէրս կը մնայ»:

21-րդ դա­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հրա­տապ տագ­նապ­նե­րուն անդ­րա­դար­ձող, եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն պատ­րաս­տուած ե­գիպ­տա­կան եր­կու ժա­պա­ւէն­նե­րու՝ «Հա­սան եւ Մար­քոս»ի եւ  «Պրն. Իպ­րա­հիմ»ի  մէջ գլխա­ւոր դե­րեր ստանձ­նած Օ­մար Շե­րիֆ, այս մա­սին ը­սած է. «Այս ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մենք կ՚ապ­րինք ա­մէն տեղ տա­րա­ծուած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, ես մտա­ծե­ցի, որ լաւ պի­տի ըլ­լայ պատ­րաս­տել պզտիկ ժա­պա­ւէն մը, ո­րուն մէջ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն ըլ­լայ, եւ ը­սենք, որ մենք կրնանք միա­սին ապ­րիլ եւ զի­րար սի­րել՝ ան­կախ մեր ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն»:

Օ­մար Շե­րիֆ մա­հա­ցաւ Գա­հի­րէի մէջ, 10 Յու­լիս 2015-ին: Շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հը կորսն­ցուց իւ­րա­յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը եւ դե­րա­սան մը, ա­րաբ­նե­րը կորսն­ցու­ցին մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչ­ցուած եւ սի­րուած ի­րենց հա­զուա­գիւտ ազ­գա­կից­նե­րէն մէ­կը, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց ան­կեղծ բա­րե­կամ մը, ո­րուն նման­նե­րուն այ­սօր այն­քան կա­րիքն ու­նինք:

ԹՈՐ­ԳՈՄ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015