ՇԻՆԻՉ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆը։ Երկու արտաքին գործոց նախարարները բանակցութիւններ վարեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջազգային ու տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Լաւրով եւ Զարիֆ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին՝ ամփոփելով իրենց քննարկումները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Ըստ Սէրկէյ Լաւրովի, Ռուսաստան կ՚ակնկալէ, որ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ մշակուած գործողութիւններու համատեղ, համընդգրկուն նախագիծը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի դառնայ ի զօրու։ «Կ՚ակնկալենք, որ այդ ծրագիրը ուժի մը մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ շաբաթներուն, ինչպէս որ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւով», ըսաւ Սէրկէյ Լաւրով։ Միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստան եւ Իրան վերահաստատած են փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ առեւտուրի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը շարունակելու համար։ Կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի յառաջիկայ աշնան, հաւանաբար Հոկտեմբերին իրականացուի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Լաւրով տեղեկացուց նաեւ, որ պիտի ընդառաջէ իր իրանցի պաշտօնակցի հրաւէրին՝ Թեհրան այցելելու համար։ «Ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ տեսնելով», նշեց իր կարգին Զարիֆ։
Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ քննարկուեցան այցագրային դրութեան դիւրացման եւ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Տարածքաշրջանային խնդիրները քննարկելու ժամանակ՝ անոնք առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ ունեցան Սուրիոյ կացութիւնը։ Սէրկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ Սուրիոյ պարագային չէ փոխուած Մոսկուայի դիրքորոշումը։ Այսպէս, այդ երկրին ճակատագիրը պէտք է վճռեն իրենք իսկ սուրիացիները, առանց արտաքին միջամը-տութեան։ Լաւրով տեղեկացուց, որ Ռուսաստան եւ Իրան հանդէս կու գան Իրաքի եւ Եէմէնի իրադրութիւնը առանց արտաքին միջամտութեան կարգաւորելու ի նպաստ։ Նախարարները դիտել տուին, թէ Իրաքի եւ Եէմէնի իրադարձութիւններուն շուրջ կը համընկնին Մոսկուայի եւ Թեհրանի դիրքորոշումները։ «Մենք հանդէս կու գանք խըն-դիրները ազգային երկխօսութեան միջոցաւ, առանց դուրսի դեղագրերու պարտադրման լուծելու օգտին», յայտարարեց Սէրկէյ Լաւրով։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ճեւատ Զարիֆն ալ տեղեկացուց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համագործակցելու համար «Ֆորտօ» աթոմակայանի շուրջ։ «Պայմանաւորուածութիւններ կան միջուկային ոլորտէ ներս եւ մենք զանոնք պիտի իրականացնենք Վիեննայի համաձայնագրին համապատասխան։ Սա կը վերաբերի նաեւ իզոթոփներու արտադրութեան։ «Ֆորտօ»ի վերաբերեալ համաձայնութեան հիման վրայ մեր երկիրները պիտի համագործակցին։
Լաւրովի համոզմամբ, Ռուսաստան եւ Իրան ունին բոլոր հնարաւորութիւնները իրենց յարաբերութիւններուն նոր, աւելի խոր բնոյթ մը տալու համար։ «Մենք բարձր կը գնահատենք մեր բարիդրացիական ու բարեկամական յարաբերութիւնները։ Մեր երկիրները շինիչ ձեւով կը համագործակցին բոլոր ուղղութիւններով։ Մենք ամենաբարձր մակարդակով երկխօսութիւն կ՚իրականացնենք», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, թէ Մոսկուա հետաքրքրուած է Թեհրանի հետ համագործակցութեան ընդլայնմամբ՝ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ճգնաժամային իրավիճակներուն կարգաւորման նպաստելու համար։ «Համոզուած ենք, որ այդ ջանքերուն մէջ մեր ներգրաւուածութիւնը կու տայ տարածքաշրջանի ժողովուրդներու շահերուն համապատասխան արդիւնք», ըսաւ Լաւրով։
Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններու աւարտին տեղեկացուեցաւ նաեւ, թէ Լաւրովի եւ Զարիֆի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի երկու երկիրները հետեւողական ըլլան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ։ Ռուսաստան եւ Իրան ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի իրենց հետեւողականութեան շրջագծով՝ գլխաւոր սպառնալիքներու շարքին թուարկեցին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումները։
Մոսկուայի մէջ երէկ ընդգծուեցաւ, թէ Վիեննայի մէջ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստորագրուած համապարփակ համաձայնագիրը յաւելեալ հնարաւորութիւններու կարելիութիւն կ՚ընձեռէ ռուս-իրանական բազմակողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ։ Լաւրով Զարիֆի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ նշեց, թէ Մոսկուա անընդունելի կը համարէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հրաժարականի պահանջը՝ որպէս նախապայման այդ երկրէն ներս յառաջացած ճգնաժամը քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին նաեւ, թէ Իրան մտադիր է C-300 հրթիռային համակարգեր ապահովել Ռուսաստանէն։