ՌՈՊԷՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԻՐ ՄԱՅՐԸ

Հա­յաս­տա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեան շա­բա­թա­վեր­ջին կորսն­ցուց իր մայ­րը՝ Էմ­մա Օ­հա­նեա­նը։ 88 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Էմ­մա Օ­հա­նեան Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ե­րէկ, նո­րոգ հան­գու­ցեալ Էմ­մա Օ­հա­նեա­նի հո­գե­հան­գիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Կոնտ թա­ղա­մա­սի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեան եւ իր ըն­տա­նի­քը ըն­դու­նե­ցին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ալ վշտա­կից ե­ղաւ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեա­նին եւ իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեանն ալ Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցի փու­թա­ցին վշտակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լու հա­մար Քո­չա­րեան­նե­րուն։ Խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւս մասնակցեցան հոգեհանգիստին։  Էմ­մա Օ­հա­նեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ ցա-ւակցական մը ուղարկեց նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանին՝ յայտնելով վշտակցութիւնները իր մօր՝ Էմմա Օհանեանի մահուան կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015