ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երկիրը յառաջընթաց արձանագրած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Թեհրան գրաւոր պատասխան տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին: Նախադրեալները կը խօսին որոշ առկախ հարցերու մասին, որոնք, ըստ Թեհրանի յայտարարութեան, չեն ստուերեր ընդհանուր համաձայնութիւնը, որուն մօտ են կողմերը: Բնականաբար, կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու պատասխանին: Միջնորդուած այս բանակցութիւններուն մէջ կայ Քաթարի դերակատարութիւնը:
Անպայման այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութիւնը, թէ երկիրը ի վիճակի է մասամբ հատուցել Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով յառաջացած ուժանիւթի համաշխարհային պակասը:
Այսքան փոխկապակցուած են երկու հանգոյցները: Ըստ էութեան, Արեւմուտքը կեդրոնացուցած է իր ջանքերը՝ Չինաստան-Ռուսաստան դաշինք-Իրան առանցքը չէզոքացնելու վրայ: Այս պարագային հիմնական թիրախը Մոսկուայի չէզոքացումն է համաշխարհային շուկային մէջ:
Այստեղ Քաթարի միջնորդութիւնը ուշագրաւ է։ Քաթար, որ իր հերթին ենթարկուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կազմակերպուած շրջափակումին՝ հիմնականին մէջ Իրանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն պահելու քաղաքականութեան պատճառով, ազդեցիկ գործօնի դեր վերստանձնած է տարածաշրջանին մէջ: Քաթարը, սակայն, Թուրքիոյ հետ խոր յարաբերութիւններ ունի եւ կը կրէ անոր ազդեցութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Այս համակարգումը ամենէն շատ երեւելի դարձաւ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին:
Քաթարի միջնորդութիւնը Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ հետ համադրուած գործողութիւն մըն է: Ուրուագիծը, ուրեմն, այս բոլորին մէջ Մոսկուայի չէզոքացման ուղղութեամբ Անգարայի եւ Թեհրանի խուսանաւումներն են: Սա չի նշանակեր, անշուշտ, որ այլ ուղղութիւններու վրայ Անգարան ու Թեհրանը համաձայն են: Մեր մասով. օրինակ՝ Իրան պարզ դարձուց, որ չի հանդուրժեր իր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան: Սիւնիքի մէջ Իրանի հիւպատոսութիւն հաստատելու որոշումը համահունչ է Թեհրանի այդ դիրքորոշումին:
Տարածաշրջանային առումով, ուրեմն, «3+3» հարթակը կայանալու նախադրեալներ կը կորսնցնէ: Կը թուէր, որ այս առաջադրանքի գլխաւոր առաջնորդը Անգարան է, որ անվերջ այս ձեւաչափի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը կը յուշէր եւ զայն կը ներկայացնէր՝ իբրեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հիմնական գրաւական:
Անկախ անկէ, որ այս ձեւաչափի երկրորդ բաղադրիչը՝ Վրաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան մասով, կայացման իրականութենէ հեռու է։ Պէտք է մտապատկերենք նաեւ, որ յատկապէս Թեհրանի եռակողմ հանդիպումէն ետք պարզ դարձաւ, թէ ռազմավարական կարեւորագոյն հարցերու առումով առաջին միաւորի բաղադրատարր երկիրները եւս՝ Իրան-Ռուսաստան-Թուրքիա համաձայն չեն ռազմավարական կարեւոր հարցերու շուրջ: Այս անհամաձայնութիւնը, անկախ Զանգեզուրի միջանցքէն, զգալի էր նաեւ Սուրիոյ տարածքին վրայ ներխուժում մը իրականացնելու նկրտումներուն պարագային Թուրքիոյ դէմ Իրանի արգելքի առարկայացումով:
Հիմա Թեհրանի հետ բեկումնային համաձայնութիւններու յանգելու նախաշեմին է աշխարհաքաղաքականութիւնը: Հիւլէական գործարքը պայմանաւորուած է ուժանիւթի գործարքին հետ: Իսկ ուժանիւթի նոր շուկայ ստեղծելը ռուսական համարժէք շուկայի սահմանափակման կը միտի։ Սա, իր հերթին, կը ծառայէ Ռուսաստանի մեկուսացման կամ պատժամիջոցային քաղաքականութեան:
Իրանի հետ ընդհանուր համաձայնութիւնը կ՚ունենայ նաեւ իր հետեւանքը Միջերկրականի եւ աւելի մասնակի՝ սահմանազատումներուն եւ ծովու ուժանիւթի շահարկման գործարկումներուն վրայ: Ռուսաստանի ուժանիւթի սահմանափակումին համար այլընտրանքային շուկաներ պէտք են: Այդ նոր շուկաներու բացումը կը փոխէ աշխարհաքաղաքական պատկերը:
Նոր համապատկերին մէջ պէտք է փորձել տեսնել Անգարայի դերը, աքիլլէսեան կրունկը եւ աշխատիլ այդ թոյլ կէտին նկատառումով առաւելներ ձեռք ձգելու: Այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ Իրանի գործօնի ազդեցիկութեան յաւելումը չի բխիր Թուրքիոյ, հետեւաբար նաեւ Ատրպէյճանի շահերէն:
Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ Թուրքիա-Ատրպէյճան շտապողականութիւնը: Այս բոլոր պատճառներով Երեւան պէտք է փորձէ իրեն պարտադրուած զիջումներու գործողութիւնները ձգձգել կամ ընդհանրապէս առկախել: Իշխանափոխութեան գործընթացի մեկնարկը լիովին կրնար նպաստել այդ ձգձգումին: Քաղաքական նման մտածման նշոյլ, ցաւօք, տեսանելի չէ:
Անկախ հայկական կողմէն, սակայն, գործընթացները կրնան արագանալ եւ փոխել այսօրուան իրավիճակը: Ներկայ ժամանակները կը յատկանշուին գոյավիճակներու արագ եւ բեկումնային յարափոփոխութիւններով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի