ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈԼՈՒՑՔԸ

Երեւանի երէկուան քաղաքապետական ընտրութիւնները հերթական դրսեւորումը հանդիսացան Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական կեանքէն ներս առկայ անտարբերութեան մոլուցքին։ Այսպէս, մայրաքաղաքի բնակիչներուն միայն 28.46 տոկոսը մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած էր Տիգրան Աւինեանը, քուէարկութենէն դուրս եկաւ առաջին հորիզոնականին վրայ՝ ապահովելով ձայներուն 32.57 տոկոսը։ Բաց աստի, եւս 4 քաղաքական ուժ իրաւունք շահեցան իր ներկայացուցիչները ունենալու մայրաքաղաքի աւագանիին մէջ։

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան շատ զարմանալի յայտարարութիւնով մը ամփոփեց ընտրութիւններուն արդիւնքը։ «Որպէս ընտրական գործընթացներուն մասնագիտականօրէն տիրապետող անձ՝ կրնամ ըսել, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ազատ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւնները ունին մասնակցութեան ցած մակարդակ», նշեց ան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023