ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորք մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 78-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ ձեռնարկներուն։ Նոր նստաշրջանի բացման շրջանակին մէջ նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի շփումները՝ այլ զանազան երկիրներէ գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։

Երեւանի նախաձեռնութեամբ վերջին ամիսներուն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երկու արտահերթ նիստ գումարած էր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023