ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԿՈՂՄԷ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՅԻՆ ԶԻՋՈՒՄ

Պաշարեալ Արցախի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին լուրջ շրջադարձ մը կատարեց։ Ամիսներէ ի վեր Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը ձեռնպահ կը մնար պաշարումէ դուրս գալու համար ընդունիլ Լաչինի միջանցքէն տարբեր՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը, սակայն արդէն վերջին օրերուն իրադրութիւնը փոխուեցաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի նոր ղեկավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ թէ՛ Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ թէ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհներով մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան համար, ինչ որ համահունչ է Պաքուի յամառ առաջարկներուն։ Սա կրնայ բախտորոշ զիջում մը ըլլալ՝ քանի Հայաստան-Արցախ կապի ընդհանուր դրուածքը այսպէսով փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։

Արցախի իշխանութիւնները այս որոշումը առած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան համատեղ առաջարկով։ Վերոյիշեալ երկու ուղղութիւններով կատարուած բեռնափոխադրումներուն վերաբերեալ արդէն հրապարակուած են տեսանիւթեր։ Այս մասին Պաքուի աղբիւրներն ալ կատարած են հրապարակումներ։ Համաժամանակեայ փոխադրումները Կարմիր խաչի ինքնաշարժներով կ՚իրականացուին ու կը փոխադրուին արտասահմանեան բեռներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023