ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԱՇԽԻՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը վերջին տարիներուն իրեն բաժին հասած փորձութիւններուն հետեւանքով պարզապէս կաթուածահար կ՚ըլլար, իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կը կորսնցնէր, եթէ չըլլար ժողովրդավար։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ Սթրազպուրկի մէջ ան ըսաւ. «Մեր կառավարութիւնը եւ մեր ժողովուրդը Եւրոխորհրդարանը կը ճանչնայ՝ որպէս մարմին մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն բաժին վիճակած բոլոր փորձութիւններուն ժամանակ խօսած է ճշմարտութեան լեզուով»։ Սթրազպուրկի մէջ ունեցած բազմակողմանի շփումներուն առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ունեցաւ երկարաշունչ ելոյթ մը։ Վարչապետը յիշեցուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները։ Ան թուարկեց, որ 12 մայիս 2021-ին Ատրպէյճան սահմանագծի շուրջ 100 քմ. երկարութեամբ հատուածէն ներս մինչեւ 4 քմ. ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ «Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը համարուող ՀԱՊԿ-ն եւ երկկողմանի մակարդակով Հայաստանի պարագային անվտանգութեան պարտաւորութիւններու տէր երկիրները մեզի ոչինչով օգնեցին, մեզ մինակ թողեցին», նշեց ան։ Փաշինեան յիշեցուց նաեւ 13 սեպտեմբեր 2022-ի յարձակումը, որու հետեւանքով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները դարձեալ բռնագրաւուեցան։ «Ամենաթարմ եւ ամենաողբերգական դէպքերը տեղի ունեցան բոլորովին վերջերս, երբ Ատրպէյճան՝ ի կատարումն էթնիք զտումներու իր երկարամեայ քաղաքականութեան, լայնածաւալ յարձակում գործեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Այն ժամանակ, երբ 100 հազար հայեր Լեռնային Ղարաբաղէն կը փախէին Հայաստանի Հանրապետութիւն, անվտանգային ոլորտի մեր դաշնակիցները ո՛չ միայն մեզի չէին օգներ, այլեւ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն ընելու, ժողովրդավարական իշխանութիւնը տապալելու հրապարակային կոչեր կը հնչեցնէին», շարունակեց ան։
Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այժմ արդէն ընդունուած եւ ի զօրու դարձած որոշումներով՝ 100 միլիոն տոլար պէտք է յատկացուի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու համար։ «Մենք միջազգային օգնութեան կարիքն ունինք՝ ներառեալ պիւտճէի աջակցութեան տեսքով։ Աւելորդ չեմ համարեր ընդգծել, որ մենք բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու համար այնպիսի դրութիւն մը ստեղծած ենք, որ անոնց յատկացուած միջոցները կանխիկ չեն փոխանցուիր, այսինքն՝ միջոցներու բաշխումը թափանցիկ է, ստուգելի եւ յետագծելի ու համակարգը պիտի շարունակէ այդպէս գործել», շեշտեց վարչապետը։ Սթրազպուրկի մէջ Փաշինեան չափազանց ցաւալի նկատեց, որ ի հեճուկս հարիւրաւոր ահազանգներու, Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումներու, Եւրոխորհրդարանի, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ առանձին երկիրներու խորհրդարաններու բանաձեւերուն, գործադիր մարմիններու կոչերուն՝ միջազգային հանրութիւնը ի վիճակի չեղաւ կանխել հայերու էթնիք զտումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ այլեւս հայաթափուած է։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի անգործութեան պայմաններուն ներքեւ 100 հազար հայեր մէկ շաբթուան ընթացքին լքեցին Լեռնային Ղարաբաղի իրենց տուներն ու բնօրրանը, եւս 20 հազարը Լեռնային Ղարաբաղէն ստիպուած հեռացած էր 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ։ Մէկ մասն ալ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու հնարաւորութիւն չէր ունեցած։ «Եւ այսօր ոմանք ձեւ կ՚ընեն, թէ չեն հասկնար, որ ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը զանգուածաբար լքեցին իրենց տուները։ Նման հարցադրումը ինքնին ցինիզմ է, որովհետեւ պատասխանը աւելի քան պարզ է։ Ատրպէյճան յստակ եւ աներկբայ ի ցոյց դրած էր հայերու կեանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անհնար դարձնելու իր որոշումը», ըսաւ Փաշինեան։
Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան կարիքն ունի, այսինքն իրավիճակի մը, երբ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները կ՚ապրին բաց սահմաններով, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային աշխոյժ կապերով կապուած, բոլոր հարցերը դիւանագիտական եղանակով ու երկխօսութեամբ լուծելու փորձառութիւն եւ աւանդութիւն կուտակած։ «Խաղաղութեան մասին մեր պատկերացումները որեւէ կերպով չեն հակադրեր մեր տարածաշրջանի շահերուն, որովհետեւ մեր երկիրը խաղաղ կրնայ ըլլալ, եթէ խաղաղ է տարածաշրջանը։ Եւ խաղաղութեան կառուցման աջակցիլը կը համարեմ իմ հիմնական քաղաքական յանձնառութիւնը։ Դիւրին չէ նման յանձնառութիւն ունենալը՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի հետ երկարատեւ հակամարտութիւնը, բազմաթիւ զոհերու, կորսուածներու, գերիներու, տառապանքներու եւ յուսահատութիւններու հանգամանքը», ընդգծեց վարչապետը։
Այս կէտին վրայ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Կրանատայի՝ մօտաւոր անցեալի գագաթաժողովին, որմէ վերջին պահուն բացակայեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Փաշինեան նշեց, որ Կրանատայի մէջ հնարաւորութիւն կար խաղաղութեան գործընթացին մէջ ճեղքում արձանագրելու, սակայն դժբախտաբար Ալիեւ հրաժարեցաւ մասնակցելէ։ Արդարեւ, այնտեղ պիտի ընդունուէր համատեղ յայտարարութիւն մը, որ պիտի արտայայտէր Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման սկզբունքները, որոնք ամենեւին ալ նոր չեն։ Փաշինեան շեշտեց, որ ինք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանչնայ յստակ, իսկ Ալիեւ նոյնը չ՚ըներ Հայաստանի պարագային։ Ան յատուկ երկիմաստութիւններ կը թողու՝ Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներ յառաջ քշելու համար։ Մինչդեռ, տարածքային ամբողջականութիւնը յստակ թիւերով ճանչնալու համաձայնութիւնը գոյացած է, որպէսզի Հայաստանը կամ Ատրպէյճանը իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու ժամանակ երկիմաստութիւններու թոյլ չտան. օրինակ՝ ըսելով, թէ տուեալ երկրի տարածքի մէկ մասը իրականութեան մէջ իրեն չի պատկանիր։ Վարչապետին խօսքով՝ Ատրպէյճան կը յայտարարէ, թէ իր եւ Հայաստանի միջեւ սահման չկայ, ինչ որ կը հակասէ Ալմաթիի հռչակագրին եւ ցայսօր ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։ Ատրպէյճան նաեւ երկիմաստութիւններ կը պահէ Խորհրդային Միութեան վերջին քարտէսները սահմանազատման համար հիմք ընդունելու հարցին մէջ, ինչ որ նոյնպէս որոշ փորձագէտներուն հիմք կու տայ ենթադրելու համար, որ ան Հայաստանին տարածքային պահանջներ ներկայացնելու եւ նոր ռազմական բռնութիւններ նախաձեռնելու համար հիմքեր կը ստեղծէ։
Սթրազպուրկի մէջ Նիկոլ Փաշինեան արծարծեց նաեւ միջանցքի հարցը, որ այնքան նուրբ բնոյթ ունի։ Ան յայտնեց. «Ատրպէյճան շարունակաբար կը պնդէ, որ Հայաստան պարտաւոր է սեփական տարածքով միջանցք տալ իրեն։ Միջազգային առօրեայ խօսոյթին մէջ ձեզի ծանօթ բառապաշարով միջանցք ըսելով կը հասկնանք պարզապէս միջպետական ճանապարհներ։ Բայց մեր տարածաշրջանի պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը։ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ միջանցք բառը կ՚օգտագործուի միայն Լաչինի միջանցքի պարագային, որ պէտք է ապահովէր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապը։ Առանձնայատկութիւնը այն է, որ ըստ այդ փաստաթուղթին՝ Լաչինի միջանցքը ո՛չ միայն ճանապարհ է, այլեւ 5 քիլօմեթր լայնութեամբ տարածքային շերտ մը, որ պէտք է ըլլար Ատրպէյճանի վերահսկողութենէն դուրս, խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Հետեւաբար, այս ամբողջին մէջ միջանցք բառը ունի արտատարածքային շերտի մը իմաստը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք, որեւէ տեղ, իր որեւէ տարածքի պարագային իր ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան որեւէ սահմանափակման չէ համաձայնած, նման խոստում չէ տուած։ Հետեւաբար՝ ի՞նչ կը նշանակէ վերը մէջբերուած սկզբունքը։ Կը նշանակէ պարզ բան մը. Հայաստան եւ Ատրպէյճան իրենց ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան հիման վրայ, առանց վերոյիշեալ միջանցքային խօսակցութիւններու, իրարու համար պէտք է բանան իրենց ճանապարհները։ Այդ ճանապարհներու անցագրային կէտերուն վրայ պէտք է գործեն սահմանային եւ այլ վերաբերելի հսկողական ծառայութիւններ՝ երկիրներու իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան, օրէնսդրութեան հիման վրայ։ Սա պէտք է կատարուի փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքով ու մենք պատրաստ ենք օր առաջ երթալ այդպիսի լուծումներու, պատրաստ ենք վերականգնել Մեղրիի երկաթուղին, որ Հայաստանի հարաւով կը կապէ ոչ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ Հայաստանի հարաւային շրջանները հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու հետ, Ատրպէյճանի հարաւ-արեւմտեան շրջանները՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, ի շարունակութիւն Հայաստանը Թուրքիոյ հետ, Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, Հայաստանը՝ Իրանի հետ, արեւելքը արեւմուտքի հետ՝ Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, հիւսիսը հարաւին հետ՝ ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով։ Հայաստանի մէջ այս նախագիծը կ՚անուանենք հայկական խաչմերուկ։ Բայց, կը կարծեմ, այս նախագիծը աւելի տարածաշրջայնացնելու եւ այստեղ Եւրոխորհրդարանի բարձր ամպիոնէն զայն խաղաղութեան խաչմերուկ անուանելու ժամանակն է ու այս անունը նոյնքան կարեւոր եւ ընդունելի է մեզի համար։ Նոյն տրամաբանութեամբ մենք պատրաստ ենք ցամաքուղիներու բացման նոյնպէս։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է իր տարածքէն ներս ապահովել բեռներու, փոխադրամիջոցներու, մարդոց, խողովակաշարերու, ելեկտրահաղորդման գծերու անվտանգութիւնը, որովհետեւ խաղաղութեան խաչմերուկը կ՚ենթադրէ նաեւ խողովակաշարերու եւ ելեկտրագծերու անցումը»։
Աւելի վերջ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ նման լուծումները շատ կարեւոր են Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ ան արդէն 30 տարիէ ի վեր շրջափակման ենթարկուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։ «Հայաստանը տարածաշրջանի փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու բացումը խոչընդոտելով մեղադրելու որեւէ հիմք չկայ։ Կան վերլուծութիւններ, ըստ որոնց Պաքու պաշտօնապէս միջազգային խօսոյթը կը նենգափոխէ՝ տարածաշրջանէն ներս նոր պատերազմ մը հրահրելու համար, Հայաստանի նոր տարածքներ բռնագրաւելու կամ Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելու համար», շեշտեց ան։
Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն Փաշինեան յայտնեց, թէ Հայաստան պատրաստ է մինչեւ տարեվերջ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրը կնքելու։ Ան կրկնեց, որ Ատրպէյճան հրաժարած էր Կրանատայի հանդիպման մասնակցելէ, սակայն յիշեցուց, որ այս տարուան ընթացքին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է եռակողմանի հանդիպում մը։ Ուստի, եթէ ցարդ համաձայնեցուած սկզբունքները պաշտօնապէս վերահաստատուին, ապա մինչեւ տարեվերջ պայմանագրի ստորագրումը կը դառնայ խիստ իրատես։ Վարչապետը համոզուած է, թէ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն եւ դառն փորձառութիւններուն՝ պէտք է անսասան շարժիլ դէպի խաղաղութիւն։ «Սա ընելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ ես ու Հայաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ունինք այդ քաղաքական կամքը», ըսաւ Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ այս տարուան փետրուարէն ի վեր Հայաստանի մէջ կը գործէ Եւրոմիութեան երկարաժամկէտ քաղաքացիական առաքելութիւնը՝ դիտարկելով անվտանգային իրավիճակը Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի երկայնքով։ «Սա կարեւորագոյն իրադարձութիւն մըն է, որով Եւրոմիութիւնը առաջին անգամ ներգրաւուած է Հայաստանի անվտանգային օրակարգին», աւելցուց ան։ Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է առաւել մօտ ըլլալ Եւրոմիութեան՝ այնքան, որքան Եւրոմիութիւնը հնարաւոր կը համարէ։
Սթրազպուրկի մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առանձին հանդիպումներ ալ ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի եւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի հետ։ Փաշինեան եւ Մեցոլա սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին վարչապետին կողմէ տրուած պատգամները համահունչ էին Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած ելոյթի տեսակէտներուն հետ։
Վարչապետի Սթրազպուրկի շփումներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ՝ կարծիքներ փոխանակելով Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մասին։