ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ԱՆՑ…

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի մահուան տարելիցները մէկ կողմէ, անշուշտ, շատ տխուր են, իսկ միւս կողմէ ձեւով մը կենսունակութեան առիթ կը դառնան իր թողած մեծ աւանդի վերարժեւորման ու վերարտադրման առումով։

Արա Կիւլէր երէկ նախ հոգեհանգստեան պաշտօնով մը ոգեկոչուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան իր շիրմին վրայ։ Երեկոյեան ժամերուն ալ, «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանէն ներս մասնաւոր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ իր վերյիշման նպատակով։ Այս համալսարանը Արա Կիւլէրին կենդանութեան օրօք պատմական տոքթորի կոչում շնորհած երեք համալսարաններէն մին եղած էր։ Երէկուան հանդիսութիւնն ալ տեղի ունեցաւ նոյն ամփիթատրոնին մէջ, ուր Արա Կիւլէրին հանդիսաւորապէս տրուած էր այդ վկայականը։

Այդ նոյն սրահը երէկ երեկոյեան ալ բերնէ բերան լեցուն էր։ «Ara ne arıyordu?» կարգախօսով կազմակերպուած երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ երեք փուլով։ Նախ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ առերեւոյթ թէեւ պարզ հիւրասիրութիւն մը ըլլալ կը թուէր, սակայն ներկաները աստիճանաբար համոզուեցան, թէ սկսած էր թեւածել Արա Կիւլէրի հոգին։ Աւելի վերջ ամփիթատրոնին մէջ շարունակուեցաւ յայտագիրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ համալսարանի վերատեսուչը՝ փրոֆ. տքթ. Հանտան Ինճի Էլչի, լուսանկարչութեան ամպիոնի դասախօսներէն փրոֆ. Հալիս Օզան Պիլկիսերէն, հոգելոյս Արա Կիւլէրի վերջին տարիներու անմիջական գործակիցը՝ Ֆաթիհ Ասլան, որոնք բոլորն ալ մեծ վարպետի կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձան՝ ոմանք իրենց վկայութիւններով, ոմանք ալ դիտարկումներով։ Ի շարունակութիւն ցուցադրուեցաւ Նեպիլ Էօզկենթիւրքի կողմէ Արա Կիւլէրի մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնէն դրուագ մը։ Եզրափակիչ փուլին Նեպիլ Էօզկենթիւրք նախ իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ, իսկ աւելի վերջ կենդանի կարճ զրոյցներ վարեց երեք յայտնի մտաւորականի՝ Էքրէմ Աթաէրի, Զիւլֆիւ Լիվանելիի եւ փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի հետ, որոնք եւս խորհրդածեցին Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան մասին։

Ներկաներու շարքին էին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Այս բոլորէն վերջ, Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ՝ հիւրընկալմամբ մեր համայնքէն Տայք Միրիճանեանի, որ եւս լուսահոգի Արա Կիւլէրի կեանքի վերջին տարիներուն վայելած էր մեծ վարպետին մտերմութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023