ԵՓԿ ԵՏ ՉԻ ՔԱՇՈՒԻՐ ՄԵՆՊԻՉԷՆ ՈՒ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ԷԼ ՊԱՊ
Թրքական զինուորական աղբիւրները երէկ հերքեցին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց ԵՓԿ Սուրիոյ մէջ ետ պիտի քաշուի Մենպիչէն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղը ԵՓԿ ոչ միայն ետ չէ քաշուած Մենպիչէն, այլ նաեւ քաղաքի արեւմուտքին ութ գուղ եւս առած է իր հակակշռին ներքեւ՝ վտարելով ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Այսպէսով ԵՓԿ թէ՛ արեւելքէն եւ թէ արեւմուտքէն կը շարունակէ իր յառաջխաղացումը դէպի Էլ Պապ քաղաքը, որ ռազմավարական նշանակութիւն կը ներկայացնէ։
Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտնեց, որ անկախութեան հարցին շուրջ կրնան համաձայնութեան հասնիլ Պաղտատի ղեկավարութեան հետ։