ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՎՃԻՌ

Արդարադատութեան միջազգային ատեանը երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը կը պարտաւորուի ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը։ Լահէյի միջազգային դատարանը այս որոշումը տուաւ՝ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ՝ Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով։

Դատավճռին մէջ ընդգրկուած են հիմնական պահանջներ։ Այսպէս, 19 սեպտեմբերէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ ցանկանալու պարագային պէտք է կարենան անվտանգ, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն վերադառնալ Արցախ։

Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց այս դատավճռին։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ միջազգային դատարանին կողմէ նշուած միջոցները համահունչ են երկրի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023