G20-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ. ՍՈՎԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՇԻՆՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ
Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ ընթացքի մէջ է Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ կազմակերպուած է՝ «Արդար աշխարհ մը եւ տեւական մոլորակ մը» նիւթով։ Երկօրեայ գագաթաժողովը կը համախմբէ Մեծն քսանեակի անդամ 19 երկիրներու եւ Եւրոմիութեան ղեկավարները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին է։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին անգամ կը մասնակցի նման գագաթաժողովի մը։ Պրազիլիոյ իշխանութիւնները այս գագաթաժողովին առթիւ շատ լուրջ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առած են՝ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։
G20-ի գագաթաժողովի օրերուն կ՚արծարծուին զանազան նիւթեր, որոնք այս պահուն մարդկութեան օրակարգին վրայ դարձած են հրատապ։ Այսպէս, գագաթաժողովի մասնակիցները կ՚արծարծեն ընկերային ներառականութեան եւ սովի ու չքաւորութեան դէմ պայքարի, համաշխարհային ղեկավարման հաստատութիւններու բարեփոխման, տեւական զարգացման եւ ուժանիւթի անցումներու վերաբերեալ խնդիրներ։ Այս հարցերը քննարկումներու առանցքը կը կազմեն եւ համապատասխան օրակարգերով առանձին նիստեր նախատեսուած են Ռիոյի մէջ։
Երբ աշխարհի ամենազարգացած երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են այս գագաթաժողովի հարթակին վրայ, հիմնական օրակարգը կը համարուի սովի հաւանականութեան դէմ համաշխարհային դաշինք մը ձեւաւորելու հեռանկարը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Կը հաղորդուի, որ ան G20-ի հարթակին վրայ հանդէս կու գայ պատգամներով՝ Պաղեստինի պետականութեան ճանաչման ի նպաստ։ Դէպի Ռիօ ուղեւորութեան ընթացքին նախագահ Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ են արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, պետական գանձի եւ ելմտական նախարար Հիքմէթ Շիմշէք, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ, ԱՔ կուսակցութեան փոխ-նախագահ ու բանբեր Էօմէր Չելիք եւ այլ կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։